Աշխապատ (նաեւ՝ Աշկապաթ) (թուրքմն.՝ Aşgabat), Թուրքմենիստանի մայրաքաղաքն է, որ կը գտնուի Ահալի վիլայէթին մէջ։
2011-ի տուեալներով՝ Աշխապատի մէջ կը բնակին Թուրքմենիստանի բնակչութեան 12.7 %-ը։ Քաղաքը հիմնադրուած է 1881 թուականին։ Ան սահմանակից է Իրանին, եւ կը գտնուի անկէ 25 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ։ Բնակչութիւնը՝ 1 030 063 մարդ (2022)[1]։
2013 թուականի Մայիս 25-ին քաղաքը հինգերորդ անգամ ընդգրկուած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ՝ որպէս աշխարհի ամէնասպիտակ մարմարէ քաղաք (543 նորակառոյց շէնք՝ երեսպատուած սպիտակ մարմարով)։ Աւելի վաղ ,այս հրատարակութիւնը կը ներառէր Թուրքմենիստանի մայրաքաղաքի այնպիսի տեսարժան վայրեր, ինչպիսիք են աշխարհի ամէնաբարձր դրօշակաձողը (133 մեթր), ամէնամեծ շատրուանային համալիրը (27 համաժամանակեայ շատրուաններ), ամէնամեծ փակ լաստանաւի անիւը եւ աստղի ամէնամեծ ճարտարապետական պատկերը՝ Օգուզ Խանի ութաթեւ աստղը հեռուստաաշտարակին վրայ։ Յաճախ քաղաքը կ'անուանեն նաեւ «Սիրոյ քաղաք»[2]։