Բորակածին
Բորակածին[1], քիմիական տարր է, քիմիական բանաձեւն է N (լատ.՝ Nitrogenium-էն) կարգահամարը՝ 7, հիւլէական զանգուածը՝ 14.0067։
Ազատ վիճակին անհամ եւ անհօտ կազ մըն է, ջուրին մէջ վատ կը լուծուէ։ Մոլեքուլը կազմուած է 2 բորակածնի հիւլէներէ (N2), որոնց կապը շատ ամուր է։ Բնութեան մէջ կազմուած է 14N (խառնուրդին մէջ բաղադրութիւնը՝ 99.63%) եւ 15N կայուն նուքլիտներէն։
Բորակածնի չեզոք հիւլէի շառաւիղը 0.074 նմ է, իոններունը. N3- - 0.132, N3+ - 0.030 եւ N5+ - 0.027 նմ։ Պարզ նիւթ բորակածինը (CAS-համարը 7727-37-9) բաւականին իներտ կազ է, որը կը կազմէ Երկիր մոլորակի մեկ քառորդը։
Յայտնագործում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1772 թուականին Հէնրի Քաւէնտիշը իրականացրած է հետեւեալ փորձը. ան բազմիցս օդ բաց թողած է այրուող ածուխին վրայ, որուն արդիւնքին յառաջացաւ նստուածք, որը Քաւէնտիշը անուանեցաւ խեղդող օդ։ Բորակածինը յայտնագործած է 1772 թուականին սկովտիացի գիտնական Տանիէլ Ռազըրֆորտը՝ (անգլերէն՝ Daniel Rutherford) ածուխի, ծծմբի, կազային լուսաբերի այրման արգասիքները ծծմբական լուծոյթի միջով անցկացնելիս (սա պարագային անիկա չկլանուեր՝ ի տարբերութիւն CO2-ի)։
Շուտով ֆրանսացի քիմիագէտ Անթուան Լաւուազիէն եկաւ եզրակացութեան, որ այդ «խեղդող» կազը կը մտնէ մթնոլորտի բաղադրութեան մէջ եւ անուանեցաւ այն «azote» (յուն․՝ ἄζωτος (ազոտոս), անկենդան)։ 1784 թուականին անգլիացի քիմիագէտ Հենրի Քաւէնտիշը բացայայտեցաւ բորակածնի առկայութիւնը սելիտրային (հոստեղէն կուգայ բորակածնի լատինական անուանումը, որն առաջարկած է ֆրանսացի քիմիագէտ Ժան Անթուան Շափթալը (ֆրանսերէն՝ Jean-Antoine Chaptal) 1790 թուականին իր «Քիմիական տարրեր»[2] գիրքին մէջ։
Բնութեան Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնութեան մէջ ազատ (մոլեքուլային) վիճակին բորակածինը կը մտնէ մթնոլորտային օդի բաղադրութեան մէջ (ծաւալային՝ 78.09% եւ զանգուածային՝ 75.6%), իսկ կապուած վիճակին՝ երկու սելիտրաներու. նաթրիոնի նիտրատ (NaNO3, կը հանդիպէ Չիլիին մէջ, հոսկէ ալ անուանումը՝ չիլիական սելիտրա), քաղիոնի նիտրատ (KNO3, կը հանդիպում է Հնդկաստանին մէջ՝ հնդկական սելիտրա) եւ շարք մը այլ միացութիւններու տեսքով։
Երկրագունդի բաղադրութեան մէջ բորակածինը տարածուածութեամբ կը զբաղեցնէ 17րդ տեղը, անոր բաժին կը հասնէ Երկրագունդի զանգուածի 0.0019%-ը։ Չնայած «խեղդող» բնութագրումին բորակածինն առկայ է բոլոր ապրող օրկանիզմներուն մէջ (պինդ մասի զանգուածի 1-3%-ը) եւ կը հանդիսանայ կարեւորագոյն կենսածին տարրը։ Անիկա կը մտնէ պրոթէիններու, նուքլէինաթթուներու, հեմոկլոպինի, քղորոփիլի եւ այլ կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթերու բաղադրութեան մէջ։
Ապրող բջիջներուն մէջ բորակածնի միացութիւններու փոխակերպումը կը հանդիսանայ բոլոր օրկանիզմներու նիւթափոխանակութեան կարեւորագոյն մասը։
Բորակածնի Շրջապտոյտը Բնութեան Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոյսերը աճի համար արմատներով հողէն կը իւրացնեն ազոթային միացութիւններ՝ հիմնականին ամոնիւմի եւ ազոթական թթուի աղեր: Առաւել շատ ազոթ կ'օգտագործեն լոբազգիները։ Բոյսերու կողմէն սինթէզուած բորակածին պարունակող միացութիւնները, մասնաւորապէս պրոթէինները, անցնելով անասուններու եւ մարդու օրկանիզմ, կը վերածուեն այլ օրկանական միացութիւններու եւ այլ սպիտակուցներու։
Հողին մէջ բորակածնի պակասը կը լրացուէ բորակածնի շրջապտւյտի շնորհիւ։ Առաջին հերթին ատիկա կը կատարուէ օդի բորակածնի հաշւին։ Օդին մէջ տեղի ունեցող ելեկտրական պարպումները՝ կայծակները, նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն բորակածինէն ու թթուածինէն ազոթի (II) օքսիտ յառաջացնելու համար։ NO-ն այնուհետեւ օդին մէջ դիւրութեամբ կը վերածուէ NO2-ի։ Վերջինս անձրեւաջուրերու հետ կ'յառաջացնէ ազոթական թթու, որն ալ, հողի մեջ գտնուող մետաղներու օքսիտներու կամ աղերու հետ փոխազդելով, կը յառաջացնէ նիթրատներ։
Օդին մէջ բորակածնի քանակը, սակայն, չպակասեր, որովհետեւ օրկանական նիւթերու, հիմնականին բուսական զանգուածի այրման եւ փտման հետեւանքով կ'անջատուէ կազային բորակածին, որը նորէն կ'անցնէ մթնոլորտ։ Սակայն հողէն պակսած բորակածնի ամբողջ քանակութիւնը չլրացուեր օդի հաշւին, որուն պատճառաւ ալ այդ պակասը կը լրացուէ ազոթային պարարտանիւթերով։ Այսպիսով տեղի կ'ունենայ բորակածնի շրջապտոյտ մը օդէն հող, իսկ այնուհետեւ՝ նորէն օդ։ Հազարամեակներու ընթացքին երկրագունդի վրայ ստեղծուած է հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%A2%D5%B8%D6%80%D5%A1%D5%AF
- ↑ Chaptal, J.A. (1790)։ Élémens de chimie 1։ էջ 126
|