Jump to content

Սըրֆ մարզաձեւը Ողիմպիական 2024-ին

Սըրֆ մարզաձեւը, Սըրֆի մարզաձեւը Ողիմպիական խաղերու ցանկին մէջ իր մուտքը կը կատարէ 2020-ի Թոքիոյի խաղերուն ընթացքին:

2024-ի Փարիզի խաղերուն սըրֆի մրցումները տեղի կ'ունենան հարաւային Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Թահիթի կղզիին վրայ: Անոնք տեղի կ'ունենան չորս օրերու ընթացքին, 27 Յուլիսէն 5 Օգոստոսի միջեւ:

Մարզիկները կը դատուին իրենց ալիքին վրայ յայտնաբերած տեսակաւոր շարժումներուն, հնարքներուն եւ անոնց դժուարութեան վրայ:

Նիշեր կը տրուին, նաեւ` ըստ արագութեան եւ մարզիկին շարժումներուն սահունութեան համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]