Ցեխի լոգանք
Ցեխի լոգանքը, բուժիչ յատկութիւններ ունի, որ կը ներառէ տաք ցեխի լոգանքի մէջ թրջուիլը, յաճախ բնական տաք աղբիւրի կամ երկրաջերմային լողաւազանի մէջ[1]:
Ցեխի լոգանքները դարեր շարունակ օգտագործուած են իբրեւ առողջութեան եւ հանգիստի խթանման միջոցներ, եւ այսօր ալ տարածուած են աշխարհի տարածքին:
Ցեխի բաղնիքներուն մէջ օգտագործուող ցեխը սովորաբար բնական հանքանիւթերով հարուստ կաւի եւ ջուրի համադրութիւն մըն է, որ կը տաքցուի մինչեւ յարմար ջերմաստիճան: Այնուհետեւ ցեխը կը կիրարկուի մարմինին վրայ, եւ անձը ցեխին մէջ կը մնայ սովորաբար շուրջ 15-20 վայրկեան:
Ինտոնեզիոյ ցեխի լոգանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Մարտ կամ Ապրիլ ամիսներուն, Ինտոնեզիոյ Պալի կղզիին Քետոնկանան գիւղին մէջ, պալինական Նոր տարուան յաջորդ օրը:
Պալինական Նոր տարին Նիեփի կղզիի հինտու կրօնին հետեւորդներուն ամէնէն կարեւոր տօնն է: Տօնակատարութիւնները կը տեւեն վեց օր:
Նիեփին ճանչցուած է նաեւ իր լռութեան օրով: Այդ օրը ամբողջ կղզիին վրայ ամբողջական լռութիւն կը տիրէ, մինչ ամբողջ աշխարհը կը նախընտրէ ուրախութեան ձայներով, պայթուցիկներով եւ հրախաղերով ընդունիլ Նոր տարին: Մարդիկ գործի չեն երթար, ամէն ինչ փակ կը մնայ, եւ ո՛չ մէկ զուարճութիւն տեղի կ'ունենայ: Նիեփին լռութեան, պահեցողութեան եւ մտախոհութեան օր է:
Սակայն Նոր տարուան յաջորդող օրը շատ աւելի աշխուժ է: Այդ օրն է, որ տեղի կ'ունենայ ցեխի լոգանքը Քետոնկանան կղզիին վրայ: Ամէն մարդ կը մասնակցի այս տօնակատարութեան, կիները հագուստով, այր մարդիկն ալ միայն տաբատ հագուած:
Հարիւրաւոր մարդիկ կը հաւաքուին արեւադարձային անտառին ցեխոտ տարածքին վրայ: Մարդիկ զիրար ցեխով կը ծածկեն հեռացնելու համար ժխտական ուժերը: Այս մեծ արարողութեան կրնան մասնակցիլ նաեւ մանուկները: Ասիկա ձեւ մըն է զանոնք քաջալերելու` բնութեան մօտիկ ըլլալու եւ զայն պաշտպանելու:
Ցեխի լոգանքէն ետք բոլոր գիւղացիները միասին կ'ուղղուին դէպի մօտակայ ծովափը` լուացուելու համար[2]: