Դաշնամուր
Դաշնամուր (իտալ.՝ fortepiano), երաժշտական գործիք, կը համարուի աշխարհի ամէնատարածուած գործիքներէն մէկը։ Կ'օգտագործուի շարք մը երաժշտական ժանրերու մէջ, ինչպէս՝ դասական երաժշտութեան եւ ճազի մէջ։ Դաշնամուրը կրնայ օգտագործուիլ ե՛ւ մենակատարի, ե՛ւ նուագախումբի կողմէ։ Դաշնամուրի հեղինակը կը նկատուի իտալացի Պարթոլոմէօ Քրիստոֆորին (Bartolomeo Cristofori 1655 - 1732), որ ստեղծած է զայն շուրջ 1709 թուականին։
Դաշնամուրը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր գործիքներէն մէկն է: Սուղ գործիք մըն է եւ կարելի չէ կրել զայն: Ունի 88 ստեղներ, որոնցմէ 52-ը ճերմակ են եւ 36-ը՝ սեւ: Դաշնամուրի ստեղները կը հարուածեն մուրճերուն։ Երբ սկսինք նուագել, մեր հարուածները կը թրթռացնեն դաշնամուրի լարերը եւ այսպիսով ծնունդ կ'առնէ ձայնը: Դաշնամուրի կարգ մը տեսակներ կ'ունենան 3 ոտնակ, բայց տարածուած է երկու ոտնակով տեսակը: Ոտնակներու թիւերուն տարբերութիւնը ցոյց կու տայ դաշնամուրի չափերուն համեմատութիւնը: Այս ոտնակներուն շնորհիւ կարելի է դաշնամուրին ձայները երկնցնել առանց շարունակ ստեղներ կոխելու եւ կամ ձայնի երկարութեան ժամանակը կարճցնել:
Դաշնամուրի վրայ մէկ կամ քանի մը կոճակներու սեղմումը կը յառաջացնէ փաթթուած մուրճ։ Մուրճը կը վերածուի նօթաներու, իսկ նօթաները կը շարունակեն թրթռալ իրենց ռեզոնանսային համակարգին մէջ:
Ժամանակակից դաշնամուրներու մեծամասնութիւնը կ'ունենայ 88 սեւ եւ 52 սպիտակ ստեղներ[1], Տօ մաժոր սանդխակի (Տօ, Ռե, Մի, Ֆա, Սօլ, Լա եւ Սի) եւ 36 կարճ սեւ բանալիներ, որոնք կը գտնուին սպիտակ ստեղներու վրայ։ Այս կը նշանակէ, որ դաշնամուրով կարելի է նուագել 88 տարբեր ձայներ:
Աքուստիկ դաշնամուրը ունի մետաղական ստեղներ, սակայն սովորաբար կը դասակարգուին իբրեւ հարուածային գործիք, այլ ոչ թէ որպէս լարային գործիք, քանի որ ստեղները աւելի շատ կը հարուածեն, եւ ոչ թէ կը ճեղքուի, ինչպէս՝ կլավիկորդը: Համաձայն Հորնբոսթել- Զակսի գործիքներու դասակարգման, դաշնամուրները կը համարուին աքորտիոններ։ Դաշնամուրի երկու հիմնական տեսակներն են՝ մեծ եւ ուղղահայեաց։ Մեծ դաշնամուրը կ'օգտագործուի դասական մենակատարներու, քամերային երաժշտութեան եւ արուեստի երգերու համար, ինչպէս նաեւ յաճախ կ'օգտագործուի ճազային եւ փոփ համերգներու ժամանակ: Ուղղահայեաց դաշնամուրը, ամէնատարածուած տեսակն է, քանի որ անիկա տուներու մէջ օգտագործելու համար աւելի յարմար չափ է, թէ՛ երաժշտութեան, թէ՛ կատարման համար:
1800-ական թուականներուն՝ դարաշրջանի երաժշտական նոր միտումներէն էր ռոմանթիկ երաժշտութեան ազդարարուող նորարարութիւնները, ինչպիսին են շերտգիծը (որ թոյլ կու տայ տողերու աւելի մեծ լարուածութեան) եւ կրկնակի նօթաները, որոնք մեծ դաշնամուրներուն տուին աւելի զօրաւոր, երկար եւ հարուստ ձայն։ 19-րդ դարուն ընտանիքի դաշնամուրը նոյնքան տարածում ունեցած է, որքան քսաներորդ դարուն ռատիօն կամ ֆոնոկրաֆը: Երբ 19-րդ դարուն ընտանիքները կը փափաքէին լսել նոր լոյս տեսած երաժշտական ստեղծագործութիւն կամ սիմֆոնիա, անոնք կրնային լսել զայն, եթէ անդամներէն մէկը կրնար դաշնամուր նուագել։ 19-րդ դարուն ի յայտ եկան բաւական շատ երաժշտական ստեղծագործութիւններ՝ դաշնամուրով կատարելու համար, որպէսզի երաժշտասէրները կարենան լսել եւ նուագել յայտնի կտորները իրենց տուներուն մէջ։ Դաշնամուրը լայն կիրառում ունեցաւ դասական, ճազային, աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտութեան համար մենակատար եւ անսամպլի կատարումներով, երգացանկով, երաժշտական կոմպոզիցիայով եւ փորձերով: Դաշնամուրը շատ ծանր երաժշտական գործիք է, ոչ շարժական եւ թանկարժէք (համեմատած մնացած լայն տարածում ունեցող երաժշտական գործիքներուն, ինչպիսին են աքուստիկ կիթառը): Անիկա կը յատկանշուի իր երաժշտական բազմակողմանիութեամբ, այսինքն՝ լայն տարածում ունենալը եւ մինչեւ 10 նօթա նուագելու հնարաւորութիւնը (երկու եւ աւելի անկախ ձայնանիշերու աւելի մեղմ ու աւելի բարձր ձայնը միաժամանակ)։ Մեծ թիւով երաժիշտներ եւ երաժշտութեան սիրահարներ կը փորձեն նուագել եւ տարածել զայն աւելի հանրային վայրերու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ դպրոցներուն մէջ, դարձնելով զայն արեւմտեան աշխարհի ամէնագործածելի երաժշտական գործիքը։ Արհեստագիտութեան զարգացումին հետ կը մշակուին ուժեղ ելեկտրական դաշնամուրներ (1929), ելեկտրոնային դաշնամուրներ (1970-ականներ) եւ թուային դաշնամուրներ (1980-ականներ): Ելեկտրական դաշնամուրը յայտնի գործիք դարձաւ 1960-1970-ական թուականներուն ճազ, ֆանկեւ ռոք երաժշտութեան հետ։
Ժամանակակից դաշնամուրները ունին երկու հիմնական տեսակ՝ մեծ դաշնամուր եւ ուղղահայեաց դաշնամուր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ ձեւը: Գոյութիւն ունին նաեւ մասնագիտացած եւ նորարարական դաշնամուրներ, ելեկտրա-մեքանիկական նմոյշներու վրայ հիմնուած ելեկտրական դաշնամուրներ, ելեկտրոնային դաշնամուրներ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դաշնամուր (լատիներէն՝ pianoforte, անգլերէն՝ piano), ստեղներ, դասաւորուած հորիզոնական դիրքով (ռոյալ) կամ ուղղահայեաց (դաշնամուր)։ Ձայնին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի դաշնամուրի կառուցուածքը, որ 18-րդ դարուն ենթարկուած է մեծ փոփոխութեան։ Դաշնամուրը բաղկացած է ձայնային սարքերէ:
Յօրինուած գործիքին «դաշնամուր» անունը տուած է իտալացի կլաւեսինահար Պարթոլոմէօ Քրիստոֆորին (1655-1732 թուականներուն): 1698 թուականէն ան աշխատած է ստեղծել կլավեսինի համար երաժշտական գործիք մը (1709)։ 1711 թուականին գործիքը մանրամասն նկարագրուած էր իտալական «Giornale dei letterati d’Italia» ամսագիրին մէջ։ Այդ գործիքը սկիզբը անուանած է «gravicembalo col piano e forte» (փափուկ եւ բարձր ձայնի կլաւեսին), ապա բիանոֆորթէ, ապա միայն դաշնամուր։ Պ. Քրիստոֆորին ժամանակակից դաշնամուրի մեքանիզմին մէջ ներառած է միայն մուրճիկները, դէմպֆերը եւ այլն։ Քրիստոֆորինի գիւտը միայն սկիզբն էր ամերիկեան ձեւի զարգացման։ Այլ մեքանիզմներ մշակած են Մարիսուսը Ֆրանսայէն (1716) եւ Շերէօտերը Գերմանիայէն (1717-1721)։
1750-ական թուականներէն Լոնտոնի մէջ, Եոհան Քրիստոֆ Ցումպեն (1735-1800) սկսած է նուագել քառանկիւն դաշնամուրի վրայ, որմէ ետք պահպանուած է Քրիստոֆի մեքանիզմը, բայց փոփոխոթիւններու ենթարկած։
1760-ական թուականներուն դաշնամուրը լայն տարածում կը գտնէ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մէջ:
1762 թուականին գրուած է առաջին դաշնամուրային ստեղծագործութիւնը (Լուտովիկօ Ջուսթինիի սոնատ)։ Այնուհետեւ երգահանները սկսան ստեղծագործել դաշնամուրով, եւ ոչ՝ կլաւեսինով: 45 տարի անց ի յայտ եկան Հայտընի ու Մոցարտի ժամանակները։
Դաշնամուրի կազմուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դաշնամուրի վրայ գրեթէ չեն օգտագործուիր ծայրերը գտնուող երկու օքթաւները։
Ոտնակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակակից դաշնամուրը ունի երկու կամ երեք ոտնակ (երբեմն չորս[2])։ Աւելի ուշ, ոտնակներուն փոխարինած է շարժական լծակ, որ դաշնակահարը իր ծունկերով պէտք էր ներս հրէր։
Աջ ոտնակ, (յաճախ կոչուած է «փետալ», քանի որ ամէնէն շատ օգտագործուող ոտնակն է)։ Աջ ոտնակը կ'օգտագործուի երկու նպատակով՝ ստեղծագործութիւնը կատարելու անընդհատ յաջորդականութեամբ, առանց ընդհատումներու (legato), որ անհնար է ընել միայն թեքնիքապէս, մատներու օգնութեամբ, ոտնակը կը հարստացնէ նաեւ ձայնը։ Գոյութիւն ունի երկու եղանակ ոտնակը օգտագործելու համար, երբ կը սեղմենք ոտնակին եւ ետքը ստեղներուն (պէտք է շարունակ պահել) եւ կամ կը սեղմենք ոտնակին՝ ստեղներուն սեղմելէ ետք։
Ձախ ոտնակ, կ'օգտագործուի ձայնը աւելի մեղմացնելու համար։ Այս ոտնակը աւելի քիչ կ'օգտագործուի, քան աջ ոտնակը։ Նօթան կը դարձնէ աւելի una corda: Երբ ոտնակը հանենք, ձայնը կը դառնայ՝ tre corde կամ tutte le corde: Բացի ձայնի թուլացումէն, օգտագործելով ձախ ոտնակը, նուագի ժամանակ ձայնը աւելի կը մեղմանայ, զայն դարձնելով աւելի ջերմ եւ խուլ։
Միջակ ոտնակ, (կամ երրորդ ոտնակ, քանի որ անիկա պատմականօրէն երրորդն է), այս ոտնակը կը խեղդէ երաժշտութիւնը՝ բարձրացումի պարագային։ Այսօր այս ոտնակը մեծ մասամբ դաշնամուրներուն վրայ կայ, սակայն կան դաշնամուրներ, որոնք չունին միջակ ոտնակը։ Այս ոտնակը երբեմն կ'օգտագործեն ձայնը կեղծելու համար։
Դաշնամուրի տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ դաշնամուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ դաշնամուրներու ստեղները հորիզոնական դիրքով դասաւորուած են, որ թոյլ կու տայ պահպանել հաւասարակշռութիւն եւ հանգիստ վիճակ։ Գոյութիւն ունին դաշնամուրի տարբեր չափեր։ Առանձին տեղ կը գրաւէ ամէնամեծ դաշնամուրը (2,2-էն 3 մեթր), հիւրասենեակի կամ սրահներու մէջ կը տեղադրուի եւ ամէնափոքրը՝ մանկական (մօտ 1.5 մեթր)[3]:
Համեմատաբար երկար դաշնամուրները ունին աւելի մեծ, հարուստ հնչիւններ եւ նօթաներու աններդաշնակութիւն։ Աններդաշնակութիւնը այն աստիճանի է, որ մասնիկներու յաճախականութիւնը յարաբերական է ձայնային կտրուկ յաճախականութիւններու բազմապատկումին։ Ասիկա յատկապէս կ'արտայայտուի դաշնամուրի լարային զգալի նրբութեամբ․ հարուածային լարը կը սկսի նրբօրէն թրթռալ, ոչ թէ կը դադրի, այլ մէկ կէտէն կը տեղափոխուի դէպի կեդրոն (կամ դէպի աւելի ճկուն մասը)։ Մասամբ հնչեղութեան ժամանակ, անցումը կտրուկ տեղի կ'ունենայ: Համեմատաբար կարճ եւ խոր նօթաներու միջեւ (այսինքն, փոքրիկ դաշնամուրները կարճ ձայնային սանդխակով) աւելի շատ աններդաշնակութիւն կայ: Որքան մեծ է աններդաշնակութիւնը, այնքան աւելի ականջը կ'ընկալէ որպէս ձայնային կոշտութիւն:
Դաշնամուրի նօթաներու աններդաշնակութիւնը կը պահանջէ, որ համեմատաբար բարձր օքթաւները շեղին դէպի աւելի ցած օքթաւի համապատասխան, որպէսզի լսուի տեսականօրէն ճիշդ օքթաւ։ Եթե առանձին օքթաւները կը հնչեն, բայց օքթաւները չեն շեղիր, ապա այս պարագային կրկնակի եւ յատկապէս եռակի օքթաւները անընդունելիօրէն կը նեղանան: Փոքր դաշնամուրի օքթաւներու շեղումը կը համապատասխանէ իրեն յատուկ աններդաշնակութեան մակարդակին, որ բոլոր գործիքներու միջամտական յարաբերութիւններուն մէջ կը ստեղծէ անհաւասարակշռութիւն:
Ուղղահայեաց (ուղղանկիւն) դաշնամուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուղղահայեաց դաշնամուրներու շրջանակն ու նօթաները ուղղահայեաց դասաւորուած են։ Ուղղահայեաց դաշնամուրները սովորաբար աւելի սուղ են, քան մեծ դաշնամուրները։ Ուղղահայեաց դաշնամուրները լայնօրէն կը գործածուին եկեղեցիներու, համայնքային կեդրոններու, դպրոցներու, երաժշտանոցներու եւ համալսարաններու երաժշտական ծրագիրներուն համար, որպէս փորձի եւ գործնական օգտագործման գործիքներ, ինչպէս նաեւ մեծ տարածում ունին սովորական բնակարաններու մէջ։ Դաշնամուրի մուրճերը դասաւորուած են հորիզոնական դիրքով եւ կը վերադառնան իրենց հանգիստ վիճակներուն։ Իւրայատուկ ստեղներով յագեցած դաշնամուրները երբեմն կը կոչուին ուղղահայեաց մեծ դաշնամուրներ։ Որոշ հեղինակներ ժամանակակից դաշնամուրները կը դասակարգեն ըստ իրենց բարձրութեան եւ բարձրութիւնը տեղադրելու համար անհրաժեշտ գործողութեան փոփոխութիւններու։
Մասնագիտացած դաշնամուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարուն ի յայտ եկաւ խաղալիք դաշնամուրը, որ ընդհանուր առմամբ կ'օգտագործէ կլոր մետաղեայ ձողեր,բայց ո՛չ թէ երաժշտութեան, այլ ձայնի համար։ 1863-ին Հենրի Ֆորնէուքսը հնարեց այս դաշնամուրը, որ ձայնագրութիւնը կը տեղափոխէ թուղթի վրայ եւ դաշնամուրը օդի ճնշման միջոցով կը վերարտադրէ կատարումը։ Անաղմուկ դաշնամուրը ձայնային դաշնամուր է, որ հնարաւորութիւն ունի լռեցնել նօթաները՝ փոխարինելով մուրճը բառով։ Այս դաշնամուրը նախատեսուած է անհատական լուռ կատարումի համար։ 1801 թուականին Էտուարտ Ռայլի կողմէ ի յայտ եկաւ շարժական դաշնամուրը։ Անիկա հազուագիւտ գործիք է, որ ստեղնաշարի տակ դրուող լծակ ունի․ ստեղները կը տեղափոխուին նօթաներու համեմատ եւ այսպէս, դաշնակահարը կը կարողանայ նուագել սովորական բանալին, մինչ երաժշտութիւնը կը հնչէ այլ բանալիով։
Փոքր դաշնամուրը գործիք է, որ արտօնագրուած է Եւասթաֆ ընկերութեան Բրասթետ եղբայրներու կողմէ 1934-ին[4]: Այս գործիքի ձայնասկաւառակին տակ բանալիներ տեղադրուած են, ուր մետաղեայ երկար ձողերը քաշելով լծակներուն թոյլ կու տան, որ մուրճերը հարուածեն նօթաներուն։
20-21-րդ դարերուն, ժամանակակից երաժշտութեան մէջ ներկայացուեցաւ դաշնամուրի նոր տեսակ մը, որուն մէջ կային ձայնային հնարաւորութիւններ եւ որոնց կազմուածքը հնարաւոր էր փոխել այլ եղանակով։ Այս պատրաստ դաշնամուրներուն համար փոփոխութիւնները սահմանուած էին, օրինակ՝ դաշնակահարը կրնար ստեղներուն մէջ դնել թուղթ, ռետին, մետաղեայ պտուտակներ եւ այլն։ Անոնք կը սեղմեն ստեղները կամ կը փոխեն իրենց դեմբրը։ Կլաւիկորդի հնչիւնը կարելի է ստանալ սահեցնելով փոքր մետաղեայ կոճակները մուրճիկին վրայով։ Աւելցնելով ջարդիչը պասի տողերուն միջեւ կը ստեղծէ մռայլ, բարձր ձայն, որ նման է կրկնուող պասի: Մետաղեայ պտուտակները դաշնամուրին կու տան հրաշալի ձայն մը, քանի որ անոնք կը թրթռան ստեղներու տակ։
1954 թուականին Ֆրանկֆորթի մէջ կայացած գարնանային տօնավաճառին, գերմանական ընկերութիւն մը ցուցադրեց մետաղալարով դաշնամուր, որ վաճառուեցաւ 238 տոլարով[5]: Հաղորդալարերը փոխարինուած են տարբեր համաձուլուածքներու մետաղեայ պլոքներով, որոնք կրկնօրինած են պարզ լարերը: Նմանատիպ հասկացութիւնը կ'օգտագործուի ելեկտրական ձայնային դաշնամուրին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ապագայի Ինքնաշա՞րժը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-03-18։ արտագրուած է՝ 2020-08-21
- ↑ «Feurich — Четвёртая педаль — Денис де ля Рошефордье»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-12-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-02
- ↑ Different Piano Types: Concert Grand
- ↑ «History of the Eavestaff Pianette Minipiano»։ Piano-tuners.org։ արտագրուած է՝ 2014-01-27
- ↑ "Wireless Piano Exhibited in Germany." Popular Mechanics, April 1954, p. 115, bottom of page.