Academia.eduAcademia.edu

Վազգէն Շուշանեանի նամակները Սիմոն Վրացեանին (1927-31)

2024, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս

Two members of the Armenian Revolutionary Federation, French Armenian writer Vazken Shushanian (1903-1941) and Simon Vratzian (1882-1969), last prime minister of the first independent Republic of Armenia, corresponded actively in the period 1927-1931. Only a set of 21 letters written by Shushanian has reached us, along with Vratzian’s response to a questionnaire submitted by him. The letters are kept in the archives of the Hamazkayin Cultural Society in Beirut. The letters, which are published with a detailed introduction and endnotes, offer interesting glimpses about literary and political views, as well as Shushanian’s personal struggle to make ends meet while finishing his studies. The letters also offer many details about the early activities of both correspondents on behalf of the Society of Friends of Martyred Writers, founded in 1929 to undertake the publication of the works, both unpublished and/or scattered in the press, of writers murdered during the Armenian genocide.

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆԻՆ (1927-31) ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ var ny1@yahoo.com «Վազգէն Շուշանեանի հետ ես առնուազն տասնեակ տարիներ մօտ եմ եղել։ Չեմ ասում «մտերիմ» որովհետեւ Վազգէնը իր բնաւորութեամբ չունէր եւ չէր կարող մտերիմ ունենալ, որքան այլասէր եւ այլախոհ էր երեւում, խորքում եսակենտրոն էր, դժուար հանդուրժող ու դժուար հանդուրժելի։ Խիստ շեշտուած անհատականութիւն էր»1։ Այս տողերուն հեղինակի՝ Սիմոն Վրացեանի (1882-1969), եւ իր կրտսեր ժամանակակիցի՝ Վազգէն Շուշանեանի (1903-1941) յարաբերութեան մեր գլխաւոր աղբիւրներն են 1963ին Վրացեանի հրատարակած յուշագրութիւնը եւ Շուշանեանէն ստացած նամակները, որոնք ի պահ դրուած են Պէյրութ, Համազգայինի գրական արխիւի՝ Սիմոն Վրացեանի թողօնին մէջ2։ Յայտնի չէ, թէ արդեօք անոնք հանդիպա՞ծ էին Հայաստան 192021ին, երբ Շուշանեան հոն գտնուած է անկախութեան վերջին ամիսներու եւ խորհրդայնացման սկիզբի դարձակէտին՝ Արմաշի երկրագործական վարժարանի իր դասընկերներուն հետ: Ամէն պարագայի, պէտք է ենթադրել, որ անոնց յարաբերութիւնը սկսած ըլլալու է 1922-23ի շուրջ, երբ երկուքն ալ արդէն հաստատուած էին Փարիզ։ 22-27 Օգոստոս 1925ին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մասնակցած է Ընկերվար միջազգայնականի Մարսէյի համագումարին3 ։ Հինգ հոգինոց պատուիրակութեան կողքին (Շաւարշ Միսաքեան, Լեւոն Շանթ, Արշակ Ջամալեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան), կը մասնակցէին նաեւ շրջանէն երեք երիտասարդներ՝ Պ. Զամարեան, Հ. Ժամկոչեան եւ Վազգէն Շուշանեան, որ ներկայ եղած է Բ. յանձնախումբի նիստերուն («ԱշՍիմոն Վրացեան, Կեանքի ուղիներով. դէմքեր, դէպքեր, ապրումներ, Գ. հատոր, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1963, էջ 215 ։ 2 Համազգայինի գրական արխիւ, Սիմոն Վրացեանի թողօն, պահարան Ե/ Ա-8 ։ ԺԴ. եւ Ի. նամակները Շուշանեանի ձեռագիրով են, թէեւ Լեւոն Գրիգորեանի ստորագրութիւնը կր կրեն։ 3 Տե՛ս՝ «Ընկերվար միջազգայնականի համագումարը», Յառաջ, 23 Օգոստոս 1925. նաեւ՝ Շ., «Արիսպագոսը», Յառաջ, 26 Օգոստոս 1925. նաեւ՝ «Աշխ[ ատաւորական] ընկ[ երվարական] ընդհ[ անուր] ժողովը», Յառաջ, 30 Օգոստոս 1925. նաեւ՝ Շ. «Մղձաւանջը», Յառաջ, 30 Օգոստոս 1925. նաեւ՝ «Աշխատաւորական համագումարին որոշումները Խորհրդային Միութեան եւ ազգերու ինքնորոշման մասին», Յառաջ, 2 Սեպտեմբեր 1925 ։ 1 275 խատութեան կեանքի պայմանները եւ գործազրկութիւնը»)4։ Նոյն տարին, կուսակցութեան պաշտօնաթերթը՝ Դրօշակ, վերսկսած էր իր հրատարակութիւնը Վրացեանի խմբագրութեամբ։ Վերջինս վկայած է, թէ Շուշանեան «մտերիմ էր երէց ընկերների շատերի հետ, եռանդով մասնակցում էր «Դրօշակ»ի կուսակցական աշխատանքին, մօտ էր խմբագրութեան, որին, ի վերջոյ, գործօն աշխատակից դարձաւ, մանաւանդ, ընկերվարական նիւթերով»5։ Ինչպէս ցոյց կու տայ առաջին նամակը, Մարտ 1927ին Վրացեան աշխատակցութեան հրաւէր ուղղած է Շուշանեանին6 ։ «Ես մինչեւ 1933, ուրեմն երեսուն տարեկանիս, օրական 16 ժամ աշխատած եմ, Աստծուն օրը, նոյնիսկ արձակուրդներուս։ Բանուորութիւն ըրած եւ նախնական ուսումս շարունակած, տեղ մը հասնելու համար։ Վալապր, Կրընոպլ, Փարիզ։ Օր մ՚իսկ պարապի չեմ անցուցած։ Մինչեւ այդ թուականը դերձակի մը հագուստ մը կարել չեմ տուած. կ՚երթայինք «Մառշէ օ փիւս»էն (պիթ պազարի) կը գնէինք մեր հագուստները։ Ծխախոտիս եւ գիրքերուս դրամը եւ կտոր մը հաց, ուրիշ բան չեմ ուզած, չեմ փափաքած։ Այդ քիչը սակայն շահուած՝ արդա՜ր վաստակով»7։ Կարօ Փօլատեանի գրի առած այս տողերը խօսուն վկայութիւն մըն են Շուշանեանի՝ ֆրանսական կեանքի առաջին տասնամեակին մղած ապրուստի պայքարին։ Վրացեանին ուղղուած նամակներու թղթածրարը կը վերաբերի այդ շրջանի մէկ քանի տարիներուն՝ 1927-31ին, հանդիսանալով խօսուն վկայութիւն մը Շուշանեանի ապրած դժուարութիւններուն եւ յամառ հետապնդումներուն՝ ո՛չ միայն իրեն, այլեւ իր կարգ մը ընկերներու համար նիւթական օժանդակութիւն ձեռք բերելու։ 1930ին նոյնիսկ հետամուտ եղած է Միացեալ Նահանգներ գաղթելու։ Ըստ Վրացեանի վկայութեան, իր եւ Շուշանեանի խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը գրականութիւնն էր. «Նա ապրում էր գրական հարցերով։ Ագահութեամբ լսում էր ամէն բան որ կապ ունէր գրականութեան, մանաւանդ, հայ գրականութեան հետ։ Անյագ՝ բայց անկարգ ընթերցող էր։ Կարդում էր, Նիկոլ Աղբալեանի պէս, ամէն բան, որ ձեռքն ընկնէր»8 ։ Նա- 4 5 6 7 8 «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Բ. ինտերնասիոնալի համագումարին», Դրօշակ, Սեպտեմբեր 1925, էջ 95 ։ Հմմտ. ՝ Վրացեան, էջ 216 ։ Համագումարի նկարագրութիւնը տե՛ս՝ «Մարսէյլի համագումարը», Դրօշակ, Սեպտեմբեր 1925, էջ 86-93 ։ Հետաքրքրական է, որ մամուլին մէջ միայն յիշուած են հինգ աւագները իբրեւ ներկայացուցիչ (հմմտ. ՝ «Հայկական լուրեր», Հայրենիք, 2 Սեպտեմբեր 1925)։ Վրացեան, էջ 212։ Դրօշակի աշխատակցութեան մասին, տե՛ս՝ Կ. Յովհաննէսեան, «Անկեղծ ընկերվարականը», Բագին, Յունուար 1983, էջ 131-145 ։ Կարօ Փօլատեան, «Գրագէտը, որ իր հոգւոյն խորը Արարատ ունէր», Բագին, Յունուար 1983, էջ 23։ Վրացեան, էջ 210 ։ 276 մակներուն մէջ չեն պակսիր գրական եւ մտաւորական հարցերու արծարծումներ, թէեւ անոնք տիրական դերակատարութիւն չունին։ Նամակներուն երկրորդ կարեւոր նիւթը Նահատակ գրագէտներու բարեկամներու (ՆԳԲ) գործունէութիւնը եղած է։ Սեպտեմբեր 1929ին հիմնուած հրատարակչականը, ինչպէս իր անունը կը յուշէր, նպատակ դրած էր «հաւաքել եւ հրատարակութեան տալ արեւմտահայ նահատակ կամ մեռած գրողներուն երկերը»։ Վրացեան ու Շուշանեան քանիցս զրուցած են Մեծ Եղեռնի զոհ գրողներուն երկերու հրատարակութեան հարցին շուրջ։ Ըստ Վրացեանի, երիտասարդ գրագէտն էր, որ զինք առաջնորդած է առաջին հաւաքոյթին, որ 10-12 հոգիի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է փարիզեան արուարձաններէն Սէն-Քլուի սրճարանի մը վարի յարկին մէջ։ Նախագահ ընտրուած է Վրացեան, քարտուղար՝ Մկրտիչ Պարսամեան, իսկ գանձապահ՝ Լեւոն Գրիգորեան։ Միւս անդամներն էին Վազգէն Շուշանեան, Լեւոն Մոզեան, Կարօ Սասունի, Շաւարշ Նարդունի, Մկրտիչ Երիցանց եւ Օհան Կարօ։ Ընկերութիւնը գործի ձեռնարկած է 4-500 ֆրանքի դրամագլուխով, որ գոյացած էր քանի մը անդամներու տուած գումարէն իբրեւ փոխառութիւն9 ։ Ըստ ամենայնի, արդարացի էր մահէն երկու ամիս առաջ՝ 4 Փետրուար 1941ին, Շուշանեան գրածը իր օրագրին մէջ. Մարդ ստիպուած է ամչնալ նոյնիսկ այն բոլոր ազնիւ ձեռնարկներէն՝ որոնց համար երիտասարդութիւն վատնած է։ Օրինակ այդ Ն. Գ. Բ.ը։ Կրնամ գէթ այս էջերուն վստահիլ թէ այդ միութեան գաղափարը յղացողը ես եմ եղած ու ես է, որ առաւելապէս աշխատած եմ զայն կեանքի կոչելու10 ։ Վրացեան գրած է Շուշանեանի աշխատանքին մասին. Շուշանեանը նախանձախնդիր եւ հոգածու էր առհասարակ, դէպի հայ գրականութիւնն ու հայ հեղինակները։ Այդ ես տեսայ Նահատակ Գրագէտների Բարեկամների Ընկերակցութեան հիմնադրութեան եւ հետագայ աշխատանքների նրա բերած մասնակցութիւնից։ Նահատակ Գրագէտների Բարեկամների ընկերակցութիւնը կարճատեւ, բայց հետաքրքրական երեւոյթ էր Սփիւռքահայ կեանքում։ Իբրեւ համեստ, բայց գնահատելի ձեռնարկ, նա արժանի է յիշատակութեան։ Ինչ չափով ես մաս ունեցայ այդ ձեռնարկում՝ որոշ չափով պարտական եմ Վազգէն Շուշանեանին11։ Արձագանգելով ընկերութեան հիմնադրութեան, Յ.Ճ.Սիրունի արձանագրած է. «Խղճի խա՞յթն է արդեօք որ քով քովի բերեր է Փարիզի սա քանի մը սրտցաւ տղաքը։ Տեսեր են անոնք որ հայ ժողովուրդի համատարած թշուառութեան, ընթացիկ հոգերու ու պանդուխտ կեանքի բազմաթիւ դժուարութեանց հետեւանքով, հայ մտաւորականութիւնը, պանդուխտ ու ցանուցիր ինք ալ, պատերազմի դադարումէն ահա՛ տասը տարի յետոյ Նոյն, էջ 219-20 ։ «Վազգէն Շուշանեանի օրագիրը», Նայիրի, 14 Հոկտեմբեր 1956, էջ 9 ։ 11 Վրացեան, էջ 219 ։ 9 10 277 տակաւին հաւաքական որեւէ ձեռնարկ չ'ըներ՝ ամփոփելու եւ հրատարակելու համար հայ գրչի այդ ազնիւ աշխատաւորներուն ցրուած էջերը։ Համեմատական հանգստի օրեր են այսուհանդերձ, ու պէտք է որ այլեւս կատարուի այդ աշխատանքը, մտածեր են անոնք»12։ Ծրագրուած էր, առաջին հերթին, 12 հատորներու լոյս ընծայումը (Ռուբէն Զարդարեան, Մելքոն Կիւրճեան, Մշոյ Գեղամ, Գեղամ Բարսեղեան, Արփիար Արփիարեան, Գրիգոր Զօհրապ Տիգրան Չէօկիւրեան, Երուանդ Օտեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, Ռուբէն Սեւակ, Տիրան Չրաքեան), որոնցմէ առաջին եօթը լոյս տեսած է 1930-33 ժամանակաշրջանին (1930ին՝ մէկ, 1931ին՝ չորս, 1932ին՝ մէկ, 1933ին՝ մէկ)13 ։ 1930ի սկիզբին Վրացեան տարի մը մեկնած է Ամերիկա կուսակցական գործով14։ Տարեվերջին, Նիւ Եորքի մէջ կազմած է ՆԳԲի մասնաճիւղ մը, որուն նպատակն էր թէ՛ նիւթապէս սատարել Փարիզի հրատարակչական գործին եւ թէ՛ օգնել գիրքերու սպառումին15։ Մասնաճիւղին մաս կը կազմէին բժ. Յովհ. Գ. Էրկանեան (ատենապետ), Եդուարդ Սահակեան (ատենադպիր), Ղազար Ե. Պոյաճեան (գանձապահ), բժ. Լեւոն Մ. Աճէմեան, Յակոբ Անտոնեան, Յակոբ Խաշմանեան, Ասատուր Խտրեան, Յովհան Կարապետեան, Պետրոս Կէօլճիկ, Յ. Պարոյրեան, պատ. Ա. Ա. Պետիկեան եւ Յովսէփ Փուշման (անդամներ)։ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը 1931ի սկիզբին հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է, յայտնելով, թէ արդէն Զարդարեանի հատորը լոյս տեսած էր, Կիւրճեանի հատորը մամուլի տակ Շրջիկ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ». նօթեր հին աշխարհէն», Հայրենիք, 15 Նոյեմբեր 1929, էջ 1-2։ 13 Ռուբէն Զարդարեան, Ամբողջական երկեր, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 1, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1930 . նաեւ՝ Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան), Ամբողջական երկեր. Ա. Պանդուխտի կեանքէն, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 2, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1931. նաեւ՝ Գեղամ Տէր Կարապետեան (Գեղամ), Տարօնի աշխարհ. պատկերներ ու պատմուածքներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 3, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1931. նաեւ՝ Գեղամ Բարսեղեան, Ամբողջական գործը. արձակ էջեր, պատմուածքներ ու զանազանք, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 4, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1931. նաեւ՝ Արփիար Արփիարեան, Պատմուածքներ ու վիպակներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 5, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1931. նաեւ՝ Գրիգոր Զօհրապ, Ծանօթ դէմքեր եւ պատմուածքներ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 6, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1932. նաեւ՝ Տիգրան Չէօկիւրեան, Վանքը. հերոսը, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 7, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1933 ։ 14 Վրացեան, էջ 221։ 15 Նոյն, էջ 220 ։ 12 278 էր, իսկ Բարսեղեանի հատորը՝ տպարան ուղարկուելու պատրաստ։ Բաժանորդագրութեան գինը սահմանուած էր 10 տոլար՝ 12 հատորի դիմաց, եւ ըսուած է, թէ 12րդ հատորը պիտի ըլլար «հաւաքածոյ մը հատընտիր երկերու այնպիսի հեղինակներէ որոնց գործը առանձին առանձին վերցուցած բաւական չէ հատոր մը լեցնելու», ինչ որ շեղում մըն էր սկզբնական նախագիծէն, եթէ երբեւէ նման ծրագիր եղած էր։ Ինչպէս նամակները ցոյց կու տան, չափազանցութիւն մըն էր, սակայն, այն յայտարարութիւնը, թէ Փարիզի յանձնախումբը որոշում կայացուցած էր «մինչեւ Դեկտեմբեր, 1931, հրատարակութեան տալու մնացեալ հատորները եւ այսպիսով լրացնելու այս առաջին շարքը» 16 ։ Հաւանաբար միջոց մըն էր՝ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծելու հնարաւոր բաժանորդներու շրջանակին մէջ։ Հայրենիք եւ Ասպարէզ խմբագրականներով անդրադարձած են նախաձեռնութեան17։ Վրացեան, որ 1931ի սկիզբը վերադարձած է Փարիզ, վկայած էր, որ Շուշանեան ««Յառաջ»ի հետ յարաբերութիւնները գրեթէ խզել էր, չեմ յիշում, ի՞նչ պատճառով։ «Հայրենիք»ից դառնացած էր, խմբագրական, իր կարծիքով, անտեղի կրճատումների համար։ «Յուսաբեր»ի հետ էլ հաշտ չէր»18 ։ Հաւանաբար այս մեկնակէտով, 1931ի վերջերուն, Շուշանեան գաղափար յղացած է գրական թերթ հրատարակելու Մեսրոպ Գույումճեանի եւ Լեւոն Մոզեանի քաջալերանքով։ Վրացեան հրաւիրուած է խորհրդակցութեան՝ Café d’Harcourt (Place de la Sorbonne, փակուած՝ 1940ին), 10-15 հոգիի ներկայութեամբ։ Վրացեան մերժած է իրեն եղած առաջարկը՝ պատասխանատու խմբագիր ըլլալու եւ խորհուրդ տուած՝ հրաժարիլ այդ միտքէն, կասկածելով, որ խորհրդային աղբիւր մը կար անոր ետին։ Այդ առիթով, գրած է «Առակ մեծ փոքրերի համար» (8 Յունուար, 1932)19 ։ ՆԳԲի 1933ի հաշուետուութիւնը կը նշէր, թէ «տնտեսական տագնապը քիչ մը կասեցուցած է «Բարեկամներու» աշխատանքի ընթացքը, բայց յուսալի է, որ նիւթական պայմաններու բարելաւումով, նորէն կ'արագանայ գործին թափը»։ Մատենաշարի առաջին վեց գիրքերը տպուած էին 1500 տպաքանակով, իսկ Չէօկիւրեանի հատորը՝ 1000 օրինակով։ Տպուած 10.000 օրինակէն ծախուած էր 5.081ը։ Նախնական բաժանորդագրութիւնը արձանագրած էր 131 բաժանորդ։ Մուտքը 78.587,95 ֆրանք էր, «Կոչ ամերիկահայ գրասէր հասարակութեան», Հայրենիք, 18 Յունուար 1931, էջ 1 (արտատպուած՝ Ասպարէզ, 23 Յունուար 1931, էջ 1 եւ 3)։ Տե՛ս նաեւ Ե. Ս. [Եդուարդ Սահակեան], «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ Նիւ Եորքի մէջ (տեսակցութիւն մը ատենապետին հետ)», Հայրենիք, 4 Ապրիլ 1931, էջ 1-2։ 17 «Նահատակ գրագէտներու գործեր», Հայրենիք, 24 Յունուար 1931, էջ 4. «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ», Ասպարէզ, 23 Յունուար 1931, էջ 2։ 18 Վրացեան, էջ 213 ։ Տե՛ս նաեւ՝ նոյն, էջ 217։ Ամսագրի կրճատումներուն մասին, տե՛ս՝ նամակ ԺԹ. ։ 19 Տե՛ս` Վրացեան, էջ 212-15 ։ 16 279 իսկ ելքը՝ 78.546,80 ֆրանք։ Նախատեսուած յաջորդ հեղինակներն էին Օտեան, Երուխան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Չրաքեան եւ Ռուբէն Սեւակ20 ։ Միայն տնտեսական տագնապը չէր, որ հրատարակչական թափը կասեցուցած էր, այլեւ 1932-33ի Մարտկոցական շարժումը, որուն մասնակիցներէն էին Շուշանեանը, Մոզեանը եւ Երիցանցը, որոնք բնականաբար դուրս եկած են ՆԳԲի կազմէն21։ Վրացեանի վկայութեամբ, Շուշանեան «դժգոհ էր, ինչպէս ինքն էր ասում, դաշնակցական մամուլի մէջ, իր կարծիքով, իշխող մենատիրութիւնից»։ Այս դժգոհութեան պատճառը, ըստ յուշագրին, հիներու եւ նորերու պայքար մըն էր, քանի որ «դաշնակցական թերթերի գլխին ամուր նստել էին հները, նորերուն տեղ չէր մնում։ Խմբագիր, գործիչ, պատուիրակութիւն, ազգային իշխանութիւն, կուսակցական ղեկավարութիւն հների ձեռքն էր»։ Վրացեան նորերու այսօրինակ դժգոհութեան վերագրած է Մենք պարբերականի հրատարակութիւնը, «որ առակի թռչունի նման խոստացաւ ծովը այրել, բայց իսկապէս ինք այրեցաւ», իսկ նոյն հոգեբանութեան հետեւանք համարած է Մարտկոցական շարժումը22։ 1933ին, ՆԳԲի ծրագիրը շեղում մը արձանագրած է. ութերորդ հատորը նուիրուած է հրատարակչականի անդամ, նոր մահացած արձակագիր Օհան Կարոյին (1890-1933)23 ։ Ծրագրով նախատեսուած հեղինակներէն յաջորդաբար լոյս տեսած են Օտեանի (1935) եւ Յարութիւնեանի (1937) հատորները24։ Բ. աշխարհամարտի նախօրեակին, հրատարակչատունը որդեգրած է նոր անուն մը եւ նոր գործելակերպ մը, որուն մասին «Կարեւոր յայտարարութիւն» մը կատարած է 1939 ին՝ Արդի հայ գրականութիւն հաւաքածոյի առաջին հատորի կողքի ներքին կազմին վրայ. Արդ, կը գտնուինք գործունէութեան նոր շրջանի մը սկիզբը։ Նահատակ կամ մեռած գրագէտներուն հրատարակութիւնը վերջացած չէ անշուշտ։ Մէկէ աւելի դէմքեր իրենց կարգին կը սպասեն։ Եւ սակայն մեր նոր կեանքը ունի նաեւ իր նոր պարտադրութիւնները։ Անցեալի անսպառ նիւթերու կարգին, արդէն կազմուած է Արտասահմանի նոր գրականութիւն մը, գրական բոլոր սեռերով։ Հրատարակչական ուրիշ որ եւ է մարմին գոյութիւն չունի այն նոր հոգը ստանձնելու «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ», Վէմ, 2:1933, էջ 141-43 ։ Վրացեան, էջ 220 ։ 22 Նոյն, էջ 212։ 23 Օհան Կարօ, Խրճիթներէն մինչեւ խորհրդարանը. արձակ էջեր եւ քերթուածներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 8, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1933 ։ 24 Երուանդ Օտեան, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 9, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1935. նաեւ՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, Արձակ էջեր եւ քերթուածներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 10 , Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1937։ 20 21 280 համար։ Նկատի ունենալով ուրեմն օրուան պահանջները, Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ հրատարակչական մարմինը նպատակայարմար կը գտնէ ինքզինքը կոչել ասկէ յետոյ ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ իր գոյութեան տալով աւելի ընդհանուր եւ ընդարձակ իմաստ մը։ Առանց երբեք շեղելու իր հիմնական նպատակէն, կ'ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը, եւ կ'առաջադրէ հրատարակել նաեւ երիտասարդ կամ տարէց, կենդանի հեղինակներու գործերն եւս, պահանջին եւ իր կարելիութիւններու սահմանին մէջ25 ։ Հին անդամներէն Վրացեանի, Պարսամեանի, Գրիգորեանի եւ Նարդունիի կողքին, յայտարարութիւնը ստորագրած են նոր անդամները՝ Հրաչ Սարգիսեան եւ Արշալոյս Խանէտանեան։ Անունի փոփոխութենէն ետք, հրատարակչականը լոյս ընծայած է Արդի հայ գրականութիւն եռահատոր շարքը, որ կ'ընդգրկէր Սփիւռքի եւ Հայաստանի գրականութեան նուիրուած ժողովածուներ։ Շուշանեանի վերոյիշեալ գրառումը Սփիւռքի գրականութեան երկրորդ հատորին առիթով նաեւ քննադատութիւն մը կը պարունակէր. Փոխած են միութեան սկզբնական անունը, շեղած նպատակէն, ընդգրկած աշխատանքի էն դիւրին եղանակները,- յանգելու համար այս սնանկութեան։ Արդի հայ գրականութիւն,- Աւելի քան քառասունըհինգ անուններ, այլ հազիւ տասնըհինգ հոգի, որ իրապէս արժանի ըլլան ժողովածուին մաս կազմելու26 ։ Նոյն հատորի նախաբանին մէջ, հրատարակիչները կը յայտնէին, թէ կարգով լոյս պիտի տեսնէին Սրմաքէշխանլեանի, Չրաքեանի եւ Սեւակի հատորները, որոնցմէ միայն լոյս տեսած են Սրմաքէշխանլեանին (1942) եւ Սեւակին (1946) նուիրուածները27։ Անոնք աւելցուցած են, թէ այնուհետեւ 25 Արդի հայ գրականութիւն (ժողովածու), Ա. հատոր. արտասահմանի գրողներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 11, Փարիզ, տպարան «Արաքս», 1939. նաեւ՝ Արդի հայ գրականութիւն (ժողովածու), Բ. հատոր. արտասահմանի գրողներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 12, Փարիզ, տպարան «Արաքս», 1941. նաեւ՝ Արդի հայ գրականութիւն (ժողովածու), Գ. հատոր. արտասահմանի գրողներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 13, Փարիզ, տպարան «Արաքս», [1944] ։ Վերջին հատորը թուագրած ենք հիմնուելով անոր ետեւի կողքը տպուած հաշուեկշիռին վրայ, որ կը ներկայացնէ 1 Յունիս 1942-30 Ապրիլ 1944 հաշուետուութիւնը, ուր ներառնուած է 13 րդ հատորի տպագրութեան ծախսը։ Ասիկա կը փաստէ, որ անյայտ պատճառներով, թերեւս նիւթերը մէկտեղելու դժուարութեամբ, վերջինս լոյս տեսած է 14րդ՝ Սրմաքէշխանլեանին նուիրուած հատորէն ետք։ 1942ին լոյս տեսած հատորը հաւանաբար տպուած է տարուան առաջին կէսին, քանի որ անոր տպագ- րութեան ծախսերուն ակնարկութիւն չկայ հաշուետուութեան մէջ։ «Վազգէն Շուշանեանի օրագիրը», էջ 9 ։ 27 Օտեան, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 9, Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1935. նաեւ՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, Արձակ էջեր եւ 26 281 կարգ մը հեղինակներու սպառած գործերը մատենաշարին մաս պիտի կազմէին եւ թուարկած են արեւմտահայ ու արեւելահայ 14 անուններ28 ։ Այդ ցանկէն միայն լոյս տեսած են Գարեգին Սրուանձտեանցի29 եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի հատորները30 (վերջինիս գործերը երբեք առանձին գիրքով հաւաքուած չէին)։ Վրացեան վկայած է, որ «Փարիզի հայ գաղութի խամրումով, այս ընկերակցութեան եւս վերջ տրուեց եւ գրքերի մնացորդը փոխանցուեց Համազգային Մշակութային Ընկերութեան»31։ Շուշանեանի գրական ստեղծագործութեան մասին, Վրացեան արձանագրած է տողեր, որոնց ցոլացումը կը տեսնենք իրեն ուղղուած նամակներուն մէջ. Հիանալի հայերէն էր գրում, ինքնատիպ ոճ, ճոխ երեւակայութիւն, ասելու բովանդակալից խորք ու ձեւ։ Երկարապատում էր, երբեմն շատախօս լինելու աստիճան, մտքերն ու պատկերները յորդում էին նրա գրչից, եւ ինչ որ ասում էր՝ անկեղծ էր, իսկ անկեղծութիւնը առաջին պայմանն էր ոչ միայն կեանքի յարաբերութիւնների մէջ, այլեւ գրականութեան եւ արուեստի գործերում32։ 1993ին, հայրենի վաղամեռիկ գրականագէտ Սարգիս Փանոսեան (1955-94) ուսումնասիրած է Վրացեան-Շուշանեան նամակային թղթած- րարը եւ հրատարակութեան պատրաստած՝ ՆԳԲի առնչուող եօթը նամակ (Թ., Ժ., ԺԱ., ԺԴ., ԺԹ. Ի. եւ ԻԱ.), որոնք խորհրդահայ ուղղագրութեամբ յետմահու լոյս տեսած են՝ անոր ներածական ուսումնասիրութեամբ ու ծանօթագրութիւններով, Նորք հանդէսին մէջ33 ։ Չորս նամակ (ԺԳ., ԺԵ., ԺԶ. քերթուածներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 10 , Փարիզ, Impr imer ie de Navar r e, 1937. նաեւ՝ Եր. Սրմաքէշխանլեան (Երուխան), Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թւ 14, Փարիզ, տպ. Տէր Յակոբեան, 1942. նաեւ՝ Ռուբէն Սեւակ, Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր եւ քերթուածներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 15, Փարիզ, տպ. Արաքս, 1946 ։ 28 Արդի հայ գրականութիւն, Բ. հատոր, էջ 2։ 29 Գարեգին Սրուանձտեանց, Համով-հոտով, Ա. հատոր, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 16, Փարիզ, տպ. Արաքս, 1949. Նոյն, Համով-հոտով, Բ. հատոր, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 17, Փարիզ, տպ. Արաքս, 1950 ։ 30 Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 18, Փարիզ, տպ. Արաքս, 1955 ։ 31 Վրացեան, էջ 220 ։ Ընկերութեան 20 տարուան գործունէութեան հաշուետուութիւնը տե՛ս՝ Մկրտիչ Պարսամեան, «Քսանամեայ բարոյական եւ նիւթական համարատուութիւն «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» հրատարակ[ չ] ական ընկերութեան», Հայրենիք, 12 Յունիս 1949, էջ 1-2։ 32 Վրացեան, էջ 218 ։ 33 Սարգիս Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանը եւ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» ընկերակցութիւնը», Նորք, 3:1996, էջ 146-48. նաեւ՝ «Վազգէն Շուշանեանի նամակները Սիմոն Վրացեանին», Նորք, 3:1996, էջ 148-52։ 282 եւ ԺԹ.) լոյս տեսած է 2009ին Բագին հանդէսին մէջ՝ առանց ներածութեան կամ ծանօթագրութիւններու34։ Ներկայ հրապարակումը կը ներկայացնէ մեր օրերուն հասած Սիմոն Վրացեան-Վազգէն Շուշանեան ամբողջական թղթածրարը՝ 21 նամակ, ինչպէս եւ Ը. նամակին բովանդակած հարցումներուն Վրացեանի պատասխանները։ Նամակները լոյս կը տեսնեն նոյնութեամբ։ Ա. 13 Մարտ 1927 Մամիրօլ Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Ստացայ ձեր 8 [ Մարտ] թուակիրը։ Շնորհակալ եմ Ձեր աշխատակցութեան հրաւէրին համար35 ։ Ընկերվարական երիտասարդական շարժման մասին դժբախտաբար անհրաժեշտ նիւթերը չունիմ։ Անտարակոյս երիտասարդներու միջազգայինը պարբերական հրատարակութիւններ ունի բայց այստեղէն դժուար է ձեռք բերել։ Ծանօթ եմ ֆրանսական երիտասարդական շարժման որին [sic] չարժեր յօդուած մը զոհել։ Ի հարկէ կարելի է Ձեր ցանկացած նիւթի մասին յօդուած մը գրել բայց կ'ըլլայ վերիվարոյ. պիտի աշխատիմ աղբիւրներ փնտռել։ Նիւթը զիս ալ շատ կը շահագրգռէ բայց իմ հետեւած պարբերականներուս մէջ մեծ բան մը չիկայ։ «Դրօշակ»ի36 Մայիսի թիւին համար պիտի ղրկեմ յօդուած մը՝ Յունուարի, Փետրուարի, Մարտի եւ Ապրիլի ընկերվարական կեանքի մասին37։ Մինչեւ այդ փոքրիկ յօդուած մըն ալ Աշխատանքի Միջազգային Գրասենեակի մասին38 ։ «Դրօշակ»ի No. 3 ը տակաւին չստացանք հոս39 ։ Կ'երեւի ընկերուհի Յակոբեանը40 դարձեալ Վալապրը41 ղրկած է զայն, թէեւ իրեն ղրկեցի նոր հասցէս խնդրելով որ հինը փոխէ։ «Վ. Շուշանեանէն երկու նամակ՝ Ս. Վրացեանին», Բագին, 2:2009, էջ 38-42. նաեւ՝ «Վ. Շուշանեանէն եւս երկու նամակ՝ Ս. Վրացեանի», Բագին, 3:20 0 9, էջ 54-57։ 35 Սիմոն Վրացեան Դրօշակի խմբագիրն էր։ 36 Դրօշակ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ (1891-1914, 1925-33, 1969-96 ՝ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով, 1999 էն մինչեւ օրս)։ 37 Վազգէն Շուշանեան, «Ընկերվարական քրոնիկոն», Դրօշակ, Յունիս 1927, էջ 171-78 ։ 38 Վազգէն Շուշանեան, «Աշխատանքի միջազգային գրասենեակը», Դրօշակ, Մայիս 1927, էջ 143-46 ։ 39 Տե՛ս՝ Վազգէն Շուշանեան, «Ընկերվարական տարին», Դրօշակ, Մարտ 1927, էջ 76-82։ 40 Սաթենիկ (Սաթօ) Յակոբեան (1900 -65), հանրային գործիչ։ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներէն։ 41 Շուշանեան 1923-26 ուսանած է այժմ Կարտան (Մարսէյի մօտ) գտնուող Վալապրի երկրագործական վարժարանին մէջ։ Երկրորդ հանդիսացած է՝ 25 շրջանաւարտներու շարքին, ստանալով երկրագործական նախարարութեան պրոնզէ շքադրամը («Նորաւարտ հայ գիւղատնտեսներ», Հայրենիք, 10 Սեպտեմբեր 1926)։ 34 283 Քէֆիս մասին բարեհաճեր էիք հարցնել։ Մենք, տաճկահայերս «քէֆ» ընել չենք գիտեր հետեւաբար միշտ «քէֆերնիս խարաբ42 ա» բայց սիրով «կ'աշխատինք»։ Միշտ՝ ՎԱԶԳԷՆ Գ. ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Բ. 1 Մայիս 1927 Մամիրօլ Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Ահա նոր վերջացուցի խոստացածս յօդուածը։ Աշխատեցայ հնար եղածին չափ ամփոփ ըլլալ ու մանրամասնութիւններէ խուսափիլ՝ որովհետեւ ինծի կը թուի թէ ամէն ընթերցող մասնաւոր ճաշակ չունի նման յօդուածներ կարդալու։ Աշխատեցայ նաեւ պարզ ըլլալ, դիւրահասկնալի, յաճախ կրկնելով շատ մը սովորական բաներ՝ որովհետեւ «Դրօշակ»ի ընթերցողներուն մեծ մասին մտաւորական մակարդակը կը պարտադրէ ատիկա։ Շատ չի ծանրացայ ֆրանսական հատուածի համագումարին վրայ՝ որովհետեւ հայ աշխատաւորութիւնը այնքան ալ չի շահագրգռուիր ատով եւ յետոյ յօդուածը տեղեկագրական ըլլալէ կը դադրէր։ Շնորհակալ պիտի ըլլամ եթէ գրէք առհասարակ Ձեր դիտողութիւնները։ Ես կ'ուզեմ հասկնալի ըլլալ՝ դասակարգ մը ընկերներու զոր ես կը ճանչնամ (եթէ կարելի է ըսել մեր կուսակցական զանգուածին) որ գիտեմ «Դրօշակ» կը կարդան եւ որ չեն կրնար մարսել զուտ տեսական ծանր յօդուածներ։ Կը խնդրեմ խորագիրը նոյնութեամբ պահել։ Chr onique-ին ճշգրիտ հայերէն համապատասխանը քրոնիկոն է կամ օրալուրք։ քարտուղարութիւնը պարբերաբար կը հրատարակէ Միջազգայինի43 “ Infor mations Inter nationales” ը44։ Պէտք է գրել՝ Int[er nationale] Ouv[r ièr e] Soc[ialiste] 41 Stocker str asse, Zur ich հասցէով։ Կը ստանա՞ք. ի՞նչ լաւ կ'ըլլար եթէ ստանայիք, մէկ օրինակ միայն ձեռքս անցաւ։ Սուղ է՝ 30 զուիցերիական ֆրանք բաժնեգինը։ Յուլիսին կ['] ուզեմ համառօտ կամ ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը գրել Ժօռէսի մասին45 ։ Նիւթը երկու տարիէ ի վեր կ'որոճամ։ «Դրօշակ»ը յարմար է նման նիւթերու։ Ընկերական յարգանքներով՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Գ. 4 Յունիս 1927 Մամիրօլ Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Ձեր Մայիս 27 թուակիրը շնորհակալութեամբ ստացայ։ Ձեր յանձնարարութիւններէն մէկը ահա կատարեցի46 ։ Կը կարծեմ որ այս անգամ յօդուածս քիչ 42 43 44 45 46 Փուճ (թրքերէն)։ Կ'ակնարկէ Ընկերվար Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ միջազգայնականին, որուն լիիրաւ անդամն էր Infor mation Inter nationales պարբերաթերթը լոյս տեսած է 1927-31ին։ Ժան Ժոռէս (1859-1914).- ֆրանսացի նշանաւոր քաղաքական գործիչ ու հայա- սէր։ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան պարագլուխներէն։ Վազգէն Շուշանեան, «Ընկերվարական քրոնիկոն», Դրօշակ, Յուլիս 1927, էջ 20 3-10 ։ 284 մը երկար եղաւ։ Եթէ կ['] ուզէք չափ մը տուէք ու անոր համեմատ շարժիմ։ Երիտասարդական շարժման մասին նախկին յօդուածիս մէջ եղած ծանօթութիւնը կրկին կրնաք դնել։ Հետաքրքրուողներուն միշտ կրնամ օգտակար ըլլալ՝ թէեւ կը վախնամ որ հետաքրքրուող չըլլայ։ Չարժեր զիս “ Infor mations Inter nationales” ի եւ կամ ուրիշ պարբերականներու բաժանորդագրել՝ որովհետեւ չորս ամիսէն կը վերջացնեմ այս վարժարանը եւ կու գամ Փարիզ։ Մինչեւ այդ Ձեր ստացած համարը կրնաք ղրկել, եթէ ձանձրալի չըլլայ։ Գալով՝ Ժօռէսի մասին գիրք մը գրելու Ձեր առաջարկին, երկար ատենէ ի վեր իմ ալ մտադրութիւնս էր՝ բայց հրաժարած էի՝ որովհետեւ հրատարակելը դժուար էր։ Ուրեմն՝ պիտի աշխատիմ այդ գործին՝ բայց միայն այստեղը աւարտելէ յետոյ47։ Այստեղը կ'աւարտեմ Հոկտ[ եմբեր] 10 ին՝ ամբողջ ամառը հոս եմ որով ու աշխատանքի48 ։ Կը փափաքէի տարի մը այդտեղ Ecole des hautes études sociales[ ին] 49 կից Ecole de jour nalismeը50 յաճախել ու նաեւ հետեւիլ Սօրպօնի որոշ դասախօսութիւններու՝ բայց ձեռք քաշեցի։ Միւս կողմէ՝ շատ մը յարմարութիւններու տեսակէտէն (ինքնազարգացման հնարաւորութիւններ, դասախօսութիւններ, գրադարաններ եւայլն) կ'ուզեմ տարիս Փարիզ անց[ ը] նել որով պիտի աշխատիմ Ս[ էն] Միշէլի մօտ՝ Montr oug[e] ի մետաղի գործարաններէն մէկուն մէջ (ուր նախապէս աշխատած եմ) աշխատանք ճարել51։ Կը յուսամ որ պիտի յաջողիմ։ Կը բարեւեմ Ձեզ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր աշխատանքներուն։ Ընկերական յարգանքներով՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Դ. 11 Օգոստոս 1927 Մամիրօլ Յարգելի ընկ. Վրացեան, Ահաւասիկ Ձեր ուզած յօդուածը52։ Աշխատեցայ որքան կարելի է սեղմ ընել որպէսզի «քրոնիկոն»ս շատ երկար չըլլայ։ Կը խնդրեմ որ միւս մասէն հատուածներ կամ մասեր չի վերցնէք։ Կ'աշխատիմ՝ ընկերվարական կեանքի մասին ամփոփ պատկեր մը տալ, այնպէս որ նոյնիսկ Պուլկարիոյ մասին այդ թռուցիկ նօթը կը լրացնէ պակաս մը ու կ'օգնէ որ յետագային եթէ աւելի երկար գրեմ՝ ընթերցողը կարենայ մարսել, պատրաստուած ըլլայ։ Ընթերցողներուն համար դժուար է միակտուր, մէկ նիւթի մասին, երկար ու միապաղաղ յօդուածներ կարդալը։ Ատոր համար է որ կ'աշխատիմ «քրոնիկոն»ը Ըստ երեւոյթին, Շուշանեան չէ իրագործած իր ծրագիրը։ 1926-27ին, Շուշանեան ուսանած եւ աւարտած է Մամիրոլի (Պուրկոնյի շրջան) կաթնատնտեսական վարժարանը։ 49 Ընկերային բարձրագոյն ուսմանց վարժարան (Փարիզ)։ 50 Լրագրութեան վարժարան։ 51 Շուշանեան 1922-23 ին աշխատած էր Ռընոյի ինքնաշարժներու եւ Մոնրուժի մետաղագործական գործարաններուն մէջ։ 52 Վազգէն Շուշանեան, «Ընկերվարական քրոնիկոն», Դրօշակ, Օգոստոս 1927, էջ 238-43 ։ 47 48 285 պատառներու վերածել։ Խորագիրները կարելի է աւելի մեծ տառերով դնել։ Մասէ մաս՝ այդ դադարները կը դիւրացնեն ընթերցումը։ Հոգեբանական է։ Յետոյ կը խնդրեմ որ աշխատիք զիս ազատել այդ բազմաթիւ վրիպակներէն։ Վերջինին մէջ բաց ինկած տողեր կային, նոյնիսկ հատուած մը եթէ չեմ սխալիր։ Ժօռէսի գիրքը դեռ չեմ սկսած գրել։ Քննութիւններ ունիմ ու յետոյ Սեպտեմբերին պէտք է ելքի քննութիւններս պատրաստեմ ու մտատանջութիւններ։ Պիտի սկսիմ այստեղը աւարտելէս յետոյ։ Կը բարեւեմ Ձեզ եւ կը մաղթեմ յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն։ Յարգանքներով՝ ՎԱԶԳԷՆ Ե.53 V. Chouchanian 33 Rue des écoles Par is (5e) 17 Յուլիս 1928 Փարիզ Սիրելի ընկ. Վրացեան, Մեր ընկերներէն Յովհ[ աննէս] Մահտեսեանը որ այս տարի յաջողութեամբ կ'աւարտէ Վալապրի Երկր[ ագործական] վարժարանը՝ 1928-29 տարեշրջանին պիտի յաճախէ Մամիրօլի կաթնատնտեսական վարժարանը։ Աւարտելէ յետոյ, ինչպէս մեր միւս ընկերները՝ Սիսակը54 եւ Գարեգին Սարգիսբէգեանը55 , կրնայ ապահովաբար, իր կեանքը լաւագոյն կերպով շահիլ եւ միւս կողմէն՝ գործնական եւ փորձառու պանրագործ-կաթնատնտես մը դառնալ։ Մահտեսեանը, անշուշտ կը յիշէք, Լիօնի շրջ[ անային] ժողովին՝ Կարտանի պատգամաւորն էր։ Լուրջ եւ վստահելի տղայ մըն է[,] աշխատանքը սիրող եւ հաւասարակշռուած։ 53 Բացիկը հասցէագրուած է՝ Monsieur S. Ver atzian Poste Restante Bagnes de Bigor r e (Basses-Pyr enées) Սիսակ Սիսլեան՝ Շուշանեանի Արմաշի գիւղատնտեսական վարժարանի դասընկեր։ 1926 ին, միասին աւարտած են Վալապրի երկրագործական վարժարանը, իսկ յետոյ՝ միասին ուսանած են Մամիրոլի մէջ («Նորաւարտ գիւղատնտեսներ». «Գաղութներ», Հայաստանի կոչնակ, 11 Սեպտեմբեր 1926, էջ 130 6)։ Շուշանեան իր «Անկարելի օրագիր» գործը (Յուսաբեր, 1930 ) ձօնած է Ս. Սիսլեանին. «Սիսակին՝ որ անձնուէր ընկեր է եւ քաջ կուսակցական, այս դառնութեամբ թաթխուած էջերը՝ ի յիշատակ մեր երկարամեայ բարեկամութեան, մեր թշուառութեան՝ որ կիսած ենք միասին, մեր անզօր ուրախութիւններուն եւ մեր խանդավառութեանց որ պէտք չէ մաշին բնաւ, որքան որ կեանքը դժուար ըլլայ, դառն...» (Վազգէն Շուշանեան, «Անկարելի օրագիր», Յուսաբեր, 28 Փետրուար 1930 , էջ 2)։ 55 Գարեգին Սարգիսբէկեան (1888-1953) եղած էր սպայակոյտի պետը Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին։ Այնուհետեւ, հաստատուած է Ֆրանսա։ 54 286 Թէեւ միջակ մտաւորական կարողութեան տէր56 ՝ բայց հաւատարիմ դաշնակցական, ահա՛ երկու տարիէ շուրջ՝ քարտուղարն է Կարտանի մեր ենթակոմիտէին։ Վերջին երկու տարին՝ Վալապրի մէջ նիւթական դժուար պայմաններու մէջ կ'ուսանէր։ Ս[ եպուհ] Ստեփանեանի57 եւ Լ[ եւոն] Բաշալեանի58 միջոցաւ յաջողած էի որոշ չափով օգտակար ըլլալ իրեն։ Մամիրօլի դասընթացքը երկու վեցամսեայ է առանց արձակուրդի։ Ինծի կը թուի թէ ուսանողներու յատուկ Ձեր քով գտնուած գումարէն՝ կ'արժէ որ 300 ֆր. ամսական յատկացնէք իրեն։ Զուր տեղը ծախսուած չըլլար։ Հոս՝ ես դիմեցի արդէն ընկ[ եր] Շաւարշին59 ։ Շատ կը խնդրեմ որ դուք որ կը ճանչնաք Մահտեսեանը, Ձեր ազդեցութիւնը գործ դնէք որպէսզի դիմումս չի մերժուի։ Յամենայն դէպս կը խնդրեմ որ անմիջապէս պատասխանէք որովհետեւ դեռ չէ դիմած նախարարութեան ու կը սպասէ ինձմէ պատասխանի մը։ Շատ շնորհակալ կ'ըլլամ եթէ չի մերժէք։ Ձեր յօդուածաշարքը կարդացի60 ։ Ինչո՞ւ այդքան անարդար էք ընկ[ եր] Ահարոնեանի հանդէպ61։ Իր վերջին գործերը՝ «Ճամբորդ»ը62, «Իմ գիրք»ը63 եւայլն որակով անհամեմատ լաւ են առաջիններէն, շատ աւելի լաւ։ Որքան ալ ժամանակը զտէ ու հինցնէ իր գործը՝ այսուհանդերձ էջեր ունի որոնք բացառիկ գեղեցկութիւն մը ունին («Արիւնոտ թթխմոր»ը, «Խայ»ը, եւայլն)64։ Ժամանակը Յովհ. Մահտեսեան բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է Հայրենիք ամսագրի Հոկտեմբեր եւ Դեկտեմբեր 1928 ի թիւերուն։ 57 Սեպուհ Ստեփանեան (1881-1944), եգիպտաբնակ գիւղատնտես, հրապարակագիր։ 58 Լեւոն Բաշալեան (1868-1943), արձակագիր, հանրային գործիչ։ 1920 ականներուն հաստատուած է Փարիզ, ուր անդամակցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան։ 59 Շաւարշ Միսաքեան (1883-1957), լրագրող, հանրային գործիչ։ Փարիզի Յառաջ օրաթերթի հիմնադիր ու խմբագիր (1925-57)։ 60 Շուշանեան ակնարկած է Վրացեանի յօդուածաշարքին (Ս. Սուրեան, «Գաղութահայ գրականութիւնը եւ Հայաստան (գրական խոհեր)», Հայրենիք, 23, 24, 26, 27, 28, 29 Յունիս 1928)։ Ս. Սուրեան ծածկանունը կը թուի բխած ըլլալ Վրացեանի Ս. Մասուրեան վաղածանօթ ծածկանունէն, որ գործածուած է այս յօդուածաշարքէն անմիջապէս ետք տպուած յօդուածին մէջ (Ս. Մասուրեան, «Հայ որբերը եւ խորհրդային կառավարութիւնը. «հերթական պրովոկացիան», Հայրենիք, 1 եւ 3 Յուլիս 1928)։ Ս. Սուրեան ծածկանունը չկայ Յովակիմեանի բառարանին մէջ (տե՛ս՝ Բախտիար Յովակիմեան, Հայոց ծածկանունների բառարան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատ., Երեւան,20 0 5)։ 61 Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948).- արձակագիր, քաղաքական գործիչ։ 62 Աւետիս Ահարոնեան, Ճամբորդը (հայրենի զրոյցներ), «Հայրենիք» տպարան, Պոսթըն, 1926 ։ 63 Աւետիս Ահարոնեան, Իմ գիրքը, հատ. Ա. Մանկութիւն, Impr imer ie de Navar r e, Փարիզ, 1927։ 64 Տե՛ս՝ Ղարիբ [ Աւետիս Ահարոնեան], Ազատութեան ճանապարհին. պատկերներ հայ յեղափոխական կեանքից, Ա. գրքոյկ, Դաշնակցութեան տպարան, Ժընեւ, 190 3 ։ 56 287 կուտար արդէն այդ հարուածները որ դուք այնքան անգթութեամբ շռայլած էիք իր ծեր գլուխին65 ։ Կը ներէք որ Ձեր հանգիստը խանգարեցի։ Յարգանքով՝ ՎԱԶԳԷՆ Զ. 66 V. Chouchanian 33 Rue des écoles Par is (5e) 25 Յուլիս 1928 Փարիզ Սիրելի ընկ. Ս. Վրացեան, Ձեր 21 Յուլիս թուակիր բացիկը ստացայ. շնորհակալ եմ որ շուտով պատասխանած էք։ Կը ներէք որ կրկին անհանգիստ կ'ընեմ Ձեզ։ Բ[ աշալեան] ի պատասխանէն կախում ունի՝ Մահտեսեանի դիմելը՝ դպրոց ընդունուելու համար կամ ոչ։ Մեծ բան մը չէ. տարի մը միայն ամսական 300 -350 ֆր. կամ քիչ մը պակաս։ Կը կարծեմ որ ընկ[ եր] Շաւարշին մօտ դեռ դրամ կայ այն գումարէն, իսկ եթէ ըլլայ իսկ, կրնաք խոստանալ՝ գալ տարուան համար գալիք գումարէն՝ Մահտեսեանին ի հաշիւ գումար մը տալով՝ որպէսզի կարենայ փոխադրուիլ ու առաջին ամիսը անց[ ը] նել։ Ոչ թէ հիմա հապա երկու ամիսէն (Մամիրօլի տարեշրջանը կը սկսի Հոկտեմբերին)։ Շաւարշը շատ կողմնակից չի թուիր։ Ամէն տեղ՝ ճառասաններու եւ էջ մրոտողներու կուտան։ Ի՞նչ կայ որ, անգամ մըն ալ խոնարհ տղայ մը թո՛ղ օգտուի։ Եթէ դուք սրտանց ուզէք՝ կը յուսամ որ կը յաջողի։ Եթէ խօսք տաք յաջողցնել՝ ես իրեն կը գրեմ որ դիմէ։ Ո՛չ մէկ կտակէ կամ հիմնադրամէ՝ մեզի խեր չկայ։ Մեր տղոցը չեն տար։ Բարակի հոտառութեամբ կը ճանչնան դաշնակցականը դեռ հեռուէն։ Սպասելով Ձեր դրական պատասխանին ու ցանկալով առողջութիւն։ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ Է. 21 Նոյեմբեր 1928 Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Մահտեսեանը կրկին գրեր է ինծի եւ կ'ըսէ որ եթէ կարելի չըլլայ կարգադրութիւն մը ընել ստիպուած պիտի ըլլայ դպրոցը ձգել։ Անցեալները Շաւարշը կ'ըսէր որ երեք ամսուան համար առաքում մը կրնայ ընել։ Շատ կը խնդրեմ որ Տե՛ս՝ Ս. Սուրեան, «Գաղութահայ գրականութիւնը», Հայրենիք, 24 Յունիս 1928, էջ 3. «Այդպէս էր առաջ այդպէս է այժմ։ Ահարոնեանը չի փոխուել, մինչդեռ հայ կեանքը փոխուել է հիմքից»։ 66 Բացիկը հասցէագրուած է՝ Monsieur 65 S. Ver atzian 7 avenue de la Fontaine Fer r ugineuse 7 Bagner es de Bigor r e 288 կարգադրութիւն մը ընէք, որպէսզի տղան չստիպուի վերադառնալ։ Լերան վրայ տեղ մըն է. մարդ որ նեղ մնայ՝ հայու շունչ չկայ67։ Ներփակ քանի մը բացիկներ կան, մէկը Ձեզի ուղղուած, միւսները ընկ. Շանթին68 եւ Խատիսեանին69 ։ Կը խնդրեմ իրենց յանձնել։ Յարգանքով՝ ՎԱԶԳԷՆ Ը.70 Har atch 235 Rue de Faub. St. Mar tin Par is (10 e) Փարիզ 4 Սեպտեմբեր 1929 Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, «Յառաջ»ը բացած է հարցարան մը71 գաղթահայ երիտասարդ գրականութեան շուրջ ու կը խնդրէ որ դուք եւըս [sic] պատասխանէք յետագայ հարցումներուն։ 1° 1914էն ի վեր բազմաթիւ երիտասարդ գրողներ եկած են։ Գաղթահայ թերթերն ու պարբերականները մեծ չափով տեղ կուտան անոնց գրական արտայայտութիւններուն։ Ըստ ձեզ՝ որչափո՞վ մնայուն արժէք կը ներկայացնէ երիտասարդներու կողմէ մշակուած այդ գրականութիւնը։ Կարելի՞ է զայն բնական շարունակութիւնը համարել նախապատերազմեան հայ գրականութեան։ Եթէ այո՝ որչափո՞վ եւ ինչո՞ւ համար։ Եթէ ոչ՝ հինին եւ նորին միջեւ գոյութիւն ունեցող խզումը ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել։ 2° Ի՞նչ բնորոշ յատկանիշեր, բացասական եւ դրական գծեր ունի այդ նոր գրականութիւնը՝ բաղդատած հինին։ Ընդհանուր առմամբ միթէ ան կը պատասխանէ՞ ապրելու անխախտ կամք ունեցող ժողովուրդի մը պահանջներուն եւ մտահոգութիւններուն։ 3° Որո՞նք են ըստ ձեզ՝ այն երիտասարդ գրողները որ լաւագոյն կերպով կը ներկայացնեն այդ գրականութիւնը։ Մահտեսեանի մասին ուրիշ տեղեկութիւն չունինք։ 1937ին, Քոնկօ էր (Ափրիկէ), ուրկէ բանաստեղծութեամբ մը աշխատակցած է Պուլկարիոյ Ազատ խօսք օրաթերթին («Հայաստանին», Ազատ խօսք, 28 Մայիս 1937)։ 68 Լեւոն Շանթ (1869-1951).- գրագէտ, մանկավարժ, քաղաքական գործիչ։ Պէյրութի Հայ ճեմարանի համահիմնադիր եւ առաջին տնօրէն (1930 -51)։ 1920 ականներուն ապրած է Փարիզ։ 69 Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945).- քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ (1919-20 )։ 70 Նամակը գրուած է Յառաջի նամակաթուղթին վրայ։ 71 Հոկտեմբերի վերջերուն, Յառաջ սկսած էր հրատարակել Յ. Ճ. Սիրունիի յօդուածաշարքը «Գրական ասուլիս» վերտառութեամբ եւ «“ Յառաջ” ի հարցարանին առթիւ» ենթախորագրով, եւ խմբագրական ծանօթութիւն մը նշած է, թէ «հարցարանը պիտի հրատարակենք առանձին» (Յ. Ճ. Սիրունի, «Սերունդը որ գնաց», Յառաջ, 27 Հոկտեմբեր 1929. նաեւ՝ «Սերունդը որ չեկաւ», Յառաջ, 3 Նոյեմբեր 1929. նաեւ՝ «Քանի մը գիծեր սերունդէն որ կայ ու չկայ», 10 Նոյեմբեր 1929. նաեւ՝ «Քանի մը դէմքեր որ կը բանան սերունդը», Յառաջ, 17 Նոյեմբեր 1929)։ Սակայն, հարցարանը լոյս տեսած չէ, իսկ «Գրական ասուլիս»ն ալ չէ շարունակուած։ 67 289 Սպասելով պատասխանի եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ Յարգանքներով՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Թ. 72 23 Նոյեմբեր 1929 Փարիզ Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Ահա նամակը երկրորդ անգամ ըլլալով։ Ինձ համար հանելուկ մնաց սակայն միւս նամակին կորուստը։ Հաւանաբար պիտի գտնէք զայն եթէ ընկ[ եր] Հանըմեանի73 կամ միւս սեղաններուն շուրջ փնտռտուք մը կատարել տաք։ Միւս նամակը հրաժարեցայ գրելէ՝ ձեր նամակը չխաչաձեւելու համար։ Ի՞նչ հարկ քանի որ դուք գրած էք արդէն. կը սպասենք պատասխանի։ Առիթէն օգտուելով ձեզ կրնամ իմացնել որ Վիեննայի յարգելի մատենադարանապետը74 արտագրութիւններ ղրկած է որոնց [ մէկ] մասը կը պատկանի Մուշի Գեղամին75 ։ Բարի մարդը շփոթեր է երկու Գեղամներն76 ու իրենց ոճը՝ հակառակ մեր յստակ նամակներուն։ Արտագրած է նաեւ Գեղամ Բարսեղեանէն77 կարգ մը կտորներ։ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ Ժ.78 Փարիզ 26 Դեկտեմբեր 1929 Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Քանի մը օր առաջ ընկ. Վ[ արդան] Սարգսեանէն (Պրիւսէլ)79 նամակ մը ստացայ՝ ի պատասխան Ն. Գ. Բ. ի դիմումին տիար Վ[ ահան] Խօրասանճեանին մօտ։ Յայտնելէ յետոյ որ տիար Խօրասանճեանը Պրիւսէլ պիտի ըլլայ յառաջիկայ ամսու կէսերուն՝ կ'ըսէ որ յարմար չէ դատած մեր նամակը ղրկել Եգիպտոս եւ մեր դիմումի յաջողութեան համար եւ ան վերապահած է զայն անոր վերա- Այս նամակին առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի նամակները», էջ 149 ։ 73 Արտաւազդ Հանըմեան (1875-1945).- քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան քարտուղար։ 74 1920 ին, հայր Ներսէս Ակինեան կարգուած էր Վիեննա Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի վարիչ (Հ. Պ. Տէր Պօղոսեան, «Հ. Ներսէս Վ. Ակինեան, 1883-1963», Հանդէս ամսօրեայ, 10 -12:1963, էջ 451-52)։ 75 Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ, 1865-1918).- արեւմտահայ արձակագիր, օսմանեան հանրային գործիչ։ 76 Կ'ակնարկէ Մշոյ Գեղամին եւ Գեղամ Բարսեղեանին։ 77 Գեղամ Բարսեղեան (1874-1915).- արեւմտահայ արձակագիր։ Մեծ Եղեռնի զոհերէն։ 78 Նամակը գրուած է Koubok Bar ի (հասցէ՝ Place de la Sor bonne) նամակաթուղթի վրայ։ Նամակին առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 149-50 ։ 79 Վարդան Սարգսեան (1892-1978).- խմբավար եւ երգահան, Կոմիտասի հինգ սաներէն մէկը։ Այդ ժամանակ, Վահան Խորասանճեանի քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր Պրիւքսէլի մէջ։ 72 290 դարձին։ Չափազանց լաւատես է դիմումի արդիւնքի մասին եւ կը յուսայ որ կարեւոր գումար մը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել, քանի որ գործնական եւ շատ համակրելի է մեր ձեռնարկը։ Այլեւ կ'աւելցնէ որ շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ մեր դիմումը եթէ դուք ալ անձնապէս գրէք տիար Խօրասանճեանին։ Կը բարեւէ ձեզի մասնաւորապէս։ Անշուշտ կը յիշեմ որ դուք մեր վերջին ժողովին մէջ չուզեցիք գրել անձնապէս որոշ նկատումներով, բայց հիմա անտարակոյս պիտի ուզէք զիջիլ, քանի որ գործին յաջողութիւնը որոշ չափով կախուած է նաեւ ձեզմէ։ Հիմա մանաւանդ երբ Զարդարեաններուն հետ80 վերջնապէս համաձայնած ենք՝ կրնաք առաջարկել որ մեր առաջին հատորին ամբողջ ծախքը ստանձնէ, յետագային վերապահելով անշուշտ երկրորդ հատորին ծախքերուն համար մեր դիմումը։ Եթէ կ'ուզէք կրնաք նաեւ գրել ընդհանուր ձեւով եւ ես՝ մեր յառաջիկայ ժողովէն յետոյ կը գրեմ մանրամասնօրէն, ինչպէս որ կ'ուզէք։ Այս նամակը կը գրեմ որովհետեւ դժբախտաբար կը վախմամ որ ձեր մեկնումէն առաջ առիթ չպիտի ունենամ ձեզ տեսնելու։ Վաղը պիտի մեկնիմ՝ տասըտասներկու օրուան համար Rethel. կրնայ ըլլալ նաեւ որ մնամ։ Եթէ չկարենամ երթալ վաղը կամ շաբաթ օր կը հեռախօսիմ [sic] ձեզ ու կը պայմանաւորուինք մեր յառաջիկայ ժողովին համար, այլապէս ձեզ կը մնայ ժողով հրաւիրել։ Գալով իմ անձնական խնդրիս ու մեր անցեալ օրուան խօսակցութեան՝ ինձ համար շատ ցաւալի է որ չպիտի կրնամ ձեզ տեսնել՝ մեկնելէ առաջ։ Երկարօրէն կը գրեմ ձեզ՝ Պոսթըն, «Հայրենիք»ի81 խմբագրութեան հասցէով։ Միշտ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ԺԱ. 82 5 Յունվար 1929 [1930] 83 Յարգելի ընկ. Վրացեան, Մեր վերջին ժողովը պարտք դրաւ վրաս որ Ձեր Մ[ իացեալ] Նահանգներ մեկնումին առթիւ, բոլորին կողմէ կարգ մը յանձնարարութիւն-խնդրանքներ ընեմ։ Մտածեցի որ աւելի լաւ է որ գրաւոր ընեմ եւ նամակս ձեզ այդտեղ գտնէ։ Ուրեմն մեր ընկերները ջերմօրէն կը խնդրեն որ ձեր ճամբորդութեան ընթացքին, ո՛ւր ալ ըլլաք, չմոռնաք աշխատիլ նաեւ մեր միութեան համար84։ Մասնաւորապէս կը խնդրեն սակայն՝ Ա) Կազմել Նիւ-Եօրքի մէջ եռանդամ յանձնախումբ մը, որ մեզ հետ անմիջապէս մտնէ հաղորդակցութեան։ Բացատրել իրենց մեր գործը։ Այս յանձնա- Կ'ակնարկէ գրագէտներ Ռաֆայէլ (1896-1985) եւ Հրաչ (1897-1986) Զարդարեաններուն՝ Ռուբէն Զարդարեանի երկու աւագ որդիները։ 81 Հայրենիք, ամերիկահայ օրաթերթ (հիմնուած՝ 1899 ին), 1991էն՝ շաբաթաթերթ։ 82 Նամակը գրուած է ՆԳԲի նամակաթուղթին վրայ։ Առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 148-49, ուր պահպանուած է 1929 տարեթիւը։ 83 Նամակին տարեթիւը ճշտած ենք ըստ նամակի բովանդակութեան. 1929 թուականը տարեթիւի սովորական սխալ մըն է, որ յաճախ կը պատահի տարուան փոփոխութեան սկիզբը։ ՆԳԲը հիմնադրուած է Սեպտեմբեր 1929 ին։ 84 Կ'ակնարկէ ՆԳԲին։ 80 291 խումբը պիտի հսկէ մեր բոլոր գործերուն Մ[ իացեալ] Նահանգներու մէջ։ Որպէս հաւանական անդամներ ձեզ կ'առաջարկենք ընկերներ Յ[ ակոբ] Խաշմանեանը85 եւ Արամ Հայկազը86 ։ Բ) Իւրաքանչիւր հայաշատ քաղաքի մէջ յարմար մարդիկ գտնել գրքերու սպառման համար ու յանձնախումբին հետ համախորհուրդ շուտով մեզ հասցնել այդ ընկերներու լիակատար ցանկն ու հասցէները։ Գ) Յանձնախումբին եւ այդ ներկայացուցիչ ընկերներուն շնորհիւ անմիջապէս ճշդել թէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ մօտաւորապէս ո՞րքան նուիրատոմս կրնանք սպառել։ Դ) Մեզ ղրկել Ռ[ ուբէն] Զարդարեանի87 խնդրոյ առարկայ գրութիւնը որքան կարելի է շուտ։ Ե) Նամակ մը ուղղուած Զաւրիէվին88 ՝ ներկայացնելով մեր գանձապահը եւ քարտուղարը ու խնդրելով որ դիւրացնէ մեր աշխատանքը։ Զ) Նամակ մը ուղղուած տիար Վ[ ահան] Խօրասանճեանի89 ՝ ծանօթ խնդրին առթիւ։ Յայտնելով կանխաւ շնորհակալութիւն ու սպասելով պատասխանի։ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Յ. Գ.- Գալով իմ անձնական «անկարեա»ներուն90 ձեզ պիտի յիշեցնեմ կրկին հոդ գալու ցանկութիւնս ու պիտի խնդրեմ որ որեւէ կարգադրութիւն ընէք յառաջիկայ Օգոստոսին համար։ Եթէ շուտով գրէք կը սկսիմ աչքերուս բուժման91։ Մինչ այդ պէտք է լրջօրէն աշխատիմ թէզըս92 ներկայացնելու համար։ Տարաբախտաբար երկու ամիս է նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով հարկ եղածին չափով չկրցայ աշխատիլ։ Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին՝ ամբողջովին պիտի նուիրուիմ դպրոցիս։ Ատոր համար պէտք է գոնէ 80 0 -90 0 ֆր[ անք] մնայուն ամսական մը ունենամ։ «Հայրենիք» ամսագրին ղրկած ձեռագրիս93 փոխարէն արդէն 60 տօլար ստացայ, որպէս կանխավճար։ Վճարելէ Յակոբ Խաշմանեան (1888-1968).- ամերիկահայ մտաւորական, հանրային գործիչ։ 86 Արամ Հայկազ (Չէքէմեան, 190 0-86).- ամերիկահայ արձակագիր։ 87 Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915).- արեւմտահայ արձակագիր եւ խմբագիր։ Մեծ Եղեռնի զոհերէն։ 88 Յովհաննէս Զաւրեան (1869-1945).- իրաւագէտ, բանասէր։ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն ետք, հաստատուած է Փարիզ, ուր ամուսնացած է մեծահարուստ Աբրահամ Ղուկասեանի քրոջ աղջկան՝ Նունէ Բէգլարեանի հետ, եւ երկար տարիներ վարած՝ Ղուկասեանի հիմնած Impr imer ie de Navar r e բազմալեզու տպարանի տնօրէնութիւնը։ 89 Վահան Խորասանճեան (?-1945).- պելճիքահայ բարերար։ Հովանաւորած է Մարսէյի Ս. Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ շինութիւնը։ 90 Առօրեայ մանր գործեր (թրքերէն)։ 91 Հաւանաբար կ'ակնարկէ այն իրողութեան, որ արգիլուած էր աչքերու վարակիչ թրաքոմա հիւանդութիւնը ունեցողներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ։ 92 Ֆր. thèse (աւարտաճառ)։ 93 Հաւանաբար կ'ակնարկէ «Օրերը գեղեցիկ չեն» գործի երկրորդ մասին (Վազգէն Շուշանեան, «Օրերը գեղեցիկ չեն», Հայրենիք ամսագիր, Բ. մաս (Ապերջանիկ 85 292 յետոյ Մարսէյլ ճամբորդութեանս, սենեակիս եւ այլ մանր պարտքեր գրպանս 10 0 ֆր[ անք] կը մնայ։ Կը խնդրեմ, որ շուտով կարգադրութիւն մը ընէք եւ եթէ համաձայնին ղրկել՝ թող փոխադրեն հեռագրով։ Պարտքեր ունիմ ձեզ (70 0 ֆր[ անք]), Գե[ ւ] ոնեանին94 (80 0 ) եւ ուրիշ ընկերներու։ Եթէ նախորդ ամիսներու համար բան մը չընեն շատ գէշ կացութեան մը պիտի մատնուիմ։ Ահա՛ թէ ինչու անձկութեամբ կը սպասեմ ձեր պատասխանին։ Վ. Շ. ԺԲ. 11 Յունվար 1930 Փարիզ Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Առանց սպասելու նամակիս պատասխանին, ահա՛ կրկին կը գրեմ ու կը ձանձրացնեմ։ Կը ներէք։ Վերջին նամակս անշուշտ ստացած էք։ Այս երկտողը կը գրեմ ձեզմէ ջերմագին կերպով խնդրելու համար որ եթէ կարելի է մինչեւ այս ամսու 20 ը Հ[ այ] Կ[ արմիր] Խ[ աչ] ի95 կողմէ փոքր գումար մը ղրկել տաք ինձ։ Եթէ սկզբունքով համաձայնած ըլլան տալ, երկու օր առաջ թէ երկու օր յետոյ, մեծ տարբերութիւն չըներ։ Կրնան հեռագրով ղրկել ու անմիջապէս կարծեմ, կամ մէկ երկու օրուան ընթացքին, այստեղ կը ստացուի։ Եթէ ձեզ յանձնեն ու դուք ղրկէք լաւագոյնն է։ Փոքրիկ երիտասարդական արկած մը պատահեցաւ, բան մը որ պէտք չէ պատահէր, բան մը որ մինչեւ հիմա չէ պատահած։ Անշուշտ յուսահատելու բան չկայ բայց հաճելի ալ չէ։ Եթէ կարենաք բան մը ընել ուրեմն, ղրկեցէք Շաւարշի հասցէին 235 Faubour g St. Mar tin 96 , որովհետեւ հասցէս պիտի փոխեմ։ Անշուշտ լաւ ճամբորդեցիք։ Հին տեղեր, նախապէս ծանօթ մարդիկ ու փոխուած բաներ տեսաք։ Ճամբորդութիւնը միշտ տեսակ մը փախուստ է առօրեայէն, մեր ձանձրոյթէն եւ մեր սովորութիւններէն, թէեւ միշտ ամէն տեղ մարդ միշտ ինքզինքը կը գտնէ, իր անխուսափելի ինքզինքը որուն հետ պատրաստ է ապրիլ։ - Հեռանա՜լ, հեռանա՜լ, մոռանա՜լ... կ'ըսէր բանաստեղծը97։ Ո՞ւր հեռանալ եւ ո՞ւր յանգիլ սակայն, երբ ամէն տեղ մարդ իր ինքզինքը պիտի գտնէ։ Կանխայայտ շնորհակալութեամբ ու յարգանքներով՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ԺԳ.98 23 Փետրվար 1930 V. Ch. մարդոց պատմութիւն), Փետրուար-Յուլիս 1930 )։ Առաջին մասը լոյս տեսած էր 1929 ին (Նոյն, «Օրերը գեղեցիկ չեն», Հայրենիք ամսագիր, Ա. մաս (Բարի մարդոց պատմութիւն), Յունիս-Հոկտեմբեր 1929)։ 94 Լեւոն Գեւոնեան (1880-1965).- Յառաջի երկարամեայ վարչական պատասխանատու եւ աշխատակից։ 95 Հայ Կարմիր Խաչ՝ այժմու Հայ Օգնութեան Միութեան սկզբնական անունը։ 96 Յառաջի խմբագրութեան հասցէն այդ տարիներուն։ 97 Կ'ակնարկէ Վահան Տէրեանի «Մոռանա՜լ, մոռանա՜լ ամէն ինչ...» տողով սկսող բանաստեղծութեան։ 98 Այս նամակին առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ «Վ. Շուշանեանէն երկու նամակ», էջ 38-40 ։ 293 6 place de la Sor bonne 6 Par is (5e.) Յարգելի ընկ. Վրացեան, Ձեզ գրելու համար կը սպասէի որ մեր գիրքը յանձնէինք տպարան։ Տակաւին չենք յանձնած թէեւ բայց գրեթէ ամէն բան վերջացած է։ «Տիար» Խորասանճեանը 500 0 ֆր[ անք] ը ղրկեց շատ սիրալիր նամակով մը որ մեծ յոյսեր կը ներշնչէ ապագային համար։ «Տիար» Զաւրեանը եւս մեզ ընդունեց շատ սիրալիր կերպով։ Այլ յոյսեր ապագային համար։ Չորեքշաբթի գիրքը պիտի տանիմ տպարան։ Միայն թէ կ'ուզենք – վստահութիւն ներշնչելու համար «տիար» Զաւրեանին եւ «մերովսանն» քաւելու համար ուրիշներու մեղքը – փակագիծ B (Ամէն մարդ, առաւել կամ նուազ չափով կը քաւէ մէկ ուրիշին մեղքը. բոլորս մեր հայրերուն մեղքը, մեր սերունդը պիտի քաւէ «եղեր» ձեր սերունդին մեղքը) փակագիծ C (Ականջը խօսի «հընկեր» Խոնդկարեանին99 , եղբայր ի քինախնդրութիւն - որեւէ մէկուն հետ կարելի է եղբայրութեան եզր մը գտնել - որ կրնայ ուսերը թօթուել այս նախադասութեան առջեւ, փնտռել տէր-բային ու սխալի խնդիրը) ո՜ւֆ r evenons à nous moutons10 0 , ինչպէս պիտի ըսէր միւսը – առաջին գրքին համար գոնէ յարգել վճարման պայմանները։ Ատոր համար կարծեմ պէտք պիտի ունենանք տակաւին 30 0 0 ֆրանքի։ Այդ երեք հազար ֆրանքը - հակառակ գործազրկութեան եւ այլն եւ այլն ... - կը յուսանք որ պիտի կրնաք հայթայթել մեզ... այդտեղէն։ Շուտով ուրեմն ձեզ պիտի ղրկենք մեր նուիրատոմսերէն մաս մը, որպէսզի ձեր կազմած կամ կազմելիք յանձնախումբին միջոցաւ աշխատիք զանոնք բաժնել։ Որոշ հասցէ մը չունենալով՝ պիտի ղրկենք «Հայրենիք»ին միջոցաւ։ Ուրեմն Ն. Գ. Բ. ի կողմէ եւ յաղագս հայ գրականութեան expr essement 10 1 ձեզմէ կը խնդրուի՝ Ա) Տարածել ղրկուած նուիրատոմսերը ու փոխարժէքը շուտով ղրկել, որպէսզի կարենանք «ի կատար ածել» մեր խոստումը - Օ՜ Խոնդկարեան, խոստում կը յարգեն եւ ոչ թէ կը կատարեն - գոնէ մինչեւ երկու ամիս։ Բ) Կազմել Նիւ-Եորքի յանձնախումբը ու մեզ դնել յարաբերութեան մէջ՝ իրենց հետ10 2։ Գ) Մեր ձեռնարկին շուրջ երկու յօդուած գրել «Հայրենիք» շատ ազգօգուտ թերթին մէջ։ Առանց առարկելու ձեր բազմազբաղ վիճակը, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ միշտ բազմազբաղ է, պիտի ըսէր միւսը։ Ահա ինչ որ ունէի գրելիք Ն. Գ. Բ. ի մասին։ Աւելցնեմ որ երկրորդ գրքին համար շուտով կարգադրութիւններ պիտի ընենք ու յարեմ (Օ՛ my God! 10 3 բոլոր հնաբոյր բառերը գրչիս տակ կուգան այսօր) որ ընկերները շնորհակալութիւն կը Արշամ Խոնդկարեան (1888-1965).- քաղաքական գործիչ, հրապարակագիր։ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ (1919-20) Ընկերվար յեղափոխական կուսակցութեան կողմէ, արդարութեան նախարար (1920 )։ Յետագային՝ վտարանդի Ֆրանսա։ 10 0 Վերադառնանք մեր ոչխարներուն (ֆրանսերէն)։ 10 1 Յստակօրէն (ֆրանսերէն)։ 10 2 Յանձնախումբը հրապարակ իջած է Յունուար 1931ին։ 10 3 Աստուա՛ծ իմ (անգլերէն)։ 99 294 յայտնեն որ Ն. Գ. Բ. ը չէք մոռցած ու կ'ըսեն որ - ինքզինքը միշտ պէտք է գործօն նախագահ համարէ Ն. Գ. Բ. ի ու ըստ այնմ աշխատի - հակառակ ձեր բազում զբաղումներուն։ Ու թո՜ղ հոգւոյն, որդւոյն եւ սուրբ հոգւոյն - միասնական երրորդութեան - օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ, ամէն... * * * Օօ՜ ձեր պզտիկ ու վտանգաւոր նախադասութիւնը - à par t ça qu’est qu’il y a de nouveau? Mais r ien, “ à l’Est il y a r ien de nouveau” 10 4. C’est toujour s la mème histoir e. On mar che à r eculons et on pr opose… l’émancipation du people a…10 5 Անշուշտ շատ մը ուրիշ մարդոց պէտք ունիմ քիչ մը լրջութեան. կը ներէք նամակիս «անլուրջ» ոճը։ Վայե՞լ է միթէ ասիկա մարդու մը որ մերձ է երեսունի հրուանդանին եւ որ փառասիրութիւնը ունի օր մը չորրորդ դասակարգը ներկայացնելու Հայաստանի խորհրդարանին մէջ... իմա՛ խորհուրդներու համագումարին (It est ambitieux, le petit…)10 6 Et puis vous avez tor t de me pr endr e pour un bavar d, vous savez et de me poser la dite question, peut-êtr e je suis plus silencieux et plus fer mé que les autr es. Seulement j'ai ma manièr e à moi d'êtr e silencieux et discr et. Je dis souvent plus que je veux dir e. J'ai la pr étention d’avoir cette petite qualité, si c'est une qualité…10 7 Est-ce que j'inter pr éte mal votr e question? Ça ne peut… Seulement comme les petites femmes qui écr ivent des longues lettr es pour ne dir e r ien et mettent l'essentiel dans un petit postscr iptum, mais aussi… nous gar dons le silence! 10 8 Donc, à l’Est il y a r ien de nouveau…10 9 Il y a des questions sans r éponses et de r éponses sans questions110 (խնդիրք կարդալու «Յուսաբեր»ի մէջ հրատարակուող գրքիս երրորդ մասին որոշ էջերը111՝ «Արեւելքի մէջ նորութիւն չկայ»։ Բառախաղ մըն է՝ 1929 ին լոյս տեսած գերմանացի գրագէտ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի (1898-1970 ) «Արեւմուտքի մէջ նորութիւն չկայ» (ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ “ À l'Ouest, r ien de nouveau” ) հակապատերազմական վէպի խորագրին հետեւողութեամբ։ 10 5 «Ասկէ զատ, ի՞նչ նորութիւն կայ։ Ոչինչ, “ Արեւելքի մէջ նորութիւն չկայ” ։ Միշտ նոյն պատմութիւնն է։ Շարժելով յետընթաց, կ'առաջարկեն... ժողովուրդի ազատագրումը...» (ֆրանսերէն)։ 10 6 «Պզտիկը փառատենչ է» (ֆրանսերէն)։ 10 7 «Յետոյ, սխալ էք, երբ զիս շաղակրատի տեղ կը դնէք, դուք գիտէք ճիշդ հարցումը դնել ինծի, թերեւս ես աւելի լուռ եւ աւելի ինքնամփոփ եմ, քան միւսները։ Միայն թէ ես իմ ձեւս ունիմ լուռ եւ զուսպ ըլլալու։ Յաւակնութիւնը ունիմ այս պզտիկ արժանիքը ունենալու, եթէ արժանիք մըն է» (ֆրանսերէն)։ 10 8 «Ձեր հարցումը սխա՞լ կը մեկնաբանեմ։ Չի կրնար... Միայն ինչպէս պզտիկ կիները որ երկար նամակներ կը գրեն ոչինչ ըսելու համար եւ էականը կը մտցնեն փոքրիկ յետգրութեան մէջ, բայց նաեւ... մենք կը լռե՛նք» (ֆրանսերէն)։ 10 9 «Հետեւաբար, Արեւելքի մէջ նորութիւն չկայ» (ֆրանսերէն)։ 110 «Առանց պատասխաններու հարցումներ կան եւ պատասխաններ՝ առանց հարցումներու» (ֆրանսերէն)։ 10 4 295 ուր խօսք կ'ըլլայ մարդու մը մասին որ սովորութիւն ունի իր ծանր ձեռքը դնելու մարդոց ուսին ու ըսելու - եւ առհասարակ, ի՞նչ կայ չկայ...)։ Il y a des tr istesses sans limites, tr istesse de vivr e dans une gr ande ville, tr istesse d'aimer des gens qu'on ne doit pas aimer … tr istesse de ne pas pouvoir haïr des gens qu'on doit haïr , tr istesse d'êtr e un sale petit bour geois, un faux-intellectuel, un petit bonhomme sans impor tance, quoi! 112 Que fair e, que devenir ?113 Պիտի ըսէր միւսը... Ու յետոյ կը ներէք այս ֆրանսերէն տողերուն միամտութիւնը։ Ձեզ յիշեցնելու համար է այս մեծ բոզը որ Ֆրանսան է։ Tout de même, elle est gentille la Mar ianne, r ieuse, avec son air moqueur , avec le petit tr ain-tr ain de sa vie, avec sa tr ahison…114 Ի դէպ փոքրիկ պատմութիւն մը։ Եթէ արդէն գիտէք - Tant pis…115 Խօսքը կը վերաբերի ծերունի «Վագր»ին116 որ այն ատեն իշխանութեան գլուխ էր ու ժամանակ չունէր իր մարդատեցութիւնը որոճալու։ Այսուհանդերձ մարդիկ կան որ ընդունակ են խանգարելու ամենէն հաւասարակշիռ մարդոց ջղային դրութիւնը - Il me tape sur les ner fs117 - կ'ըսէ ֆրանսացին։ Ուրեմն պզտիկ եւ աղտոտ ծերուկը որ կը կոչուի Չօպանեան118 - աւա՜ղ, աւա՜ղ եղբայր ի գրականութիւն - այնքան կը զզուեցնէ «Վագր»ը որ օր մը երբ մանկլաւիկը կը յայտարարէ զայն «Վագր»ը կը մրթմրթայ - Il me emmer de ce Tobanian 119 … խե՜ղճ Թօպանեան, որակեալն ցայլքոջիլ։ Կը տեսնէք որ հակառակ ճեմարանական չըլլալուս120 աղօտ ու աննշան ծանօթութիւններ ունիմ գրաբառի [sic] մասին – Վազգէն Շուշանեան, «Անկարելի օրագիր», Յուսաբեր, 28 Փետրուար-17 Յունիս 1930 (ընդմիջումներով)։ 112 «Առանց սահմաններու տխրութիւններ կան, տխրութիւնը՝ մեծ քաղաքի մը մէջ ապրելու, տխրութիւնը՝ սիրելու այն մարդիկը, զորս պէտք չէ սիրել... տխրութիւնը՝ ատել չկարենալու այն մարդիկը, որ պէտք է ատել, տխրութիւնը՝ ըլլալու աղտոտ մանր քաղքենի մը, կեղծ մտաւորական մը, փոքրիկ մարդ մը առանց կարեւորութեան, ի՛նչ» (ֆրանսերէն)։ 113 «Ի՞նչ ընել, ի՞նչ դառնալ» (ֆրանսերէն)։ 114 «Այսուհանդերձ, Մարիանը բարի է, խնդուն, իր ծաղրական հայեացքով, իր կեանքի մանր տաղտուկով, իր դաւաճանութեամբ» (ֆրանսերէն)։ Mar ianne (Մարիան)՝ Ֆրանսայի խորհրդանշական անունը։ 115 «Աւելի վատ» (ֆրանսերէն)։ 116 Կ'ակնարկէ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարին (18521930 )։ 117 «Ջիղերս կը խանգարէ» (ֆրանսերէն)։ 118 Արշակ Չօպանեան (1872-1954).- ֆրանսահայ գրագէտ, հանրային գործիչ։ 119 «Այս Թօպանեանը զիս կը զայրացնէ» (ֆրանսերէն)։ 120 Վրացեան շրջանաւարտ էր Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն։ 111 296 ականջը խօսի Դուրեան (Սրբազան)ին121 եւ իր գրքին - ընթացք ի գրոց բարբառ... 122 Գրաբառէն՝ Դուրեան, Դուրեանէն՝ յոբելեան123 ... Յոբելեանէն՝ յոբելեաններ124... Ça aussi, ça tape sur les ner fs…125 Երէկ կը մտածէի հետեւեալը - ինչո՞ւ այս յոբելեանները։ Իմաստութիւնը, տաղանդն ու այլ ընդունակութիւններ բնատուր ու ընդոծին ձիրքեր են, հետեւաբար ո՛չ մէկ պարագայի տակ առանձին ուշադրութեան ու աչառութեան արժանի։ Ի՛նչ որ մարդ մը աւելի բարձր կը դասէ միւսէն, այդ իր յարատեւ, վայրագ ու անդուլ ճիգն է բարձրանալու, ամէ՛ն բան տալու եւ սրբագրուելու։ Այդ իր յա- րատեւ ու չարագործ աշխատանքն է։ Եթէ այս այսպէս է ինչո՞ւ չտօնել օրինակ որեւէ բանուորի մը, գիւղական ծեր ուսուցչի մը, ութսունամեայ արհեստաւորի մը յոբելեանը եւ տօնել «մեծ» մարդոցը։ Կը հասկնամ Դաշնակցութեան քառասնամեայ յոբելեանը։ Ժողովրդի մը հաւաքական ճիգին, յուսահատ ընդդիմութեան, թափած տաք արիւնին յոբելեանը, որ կրնայ նոյնիսկ ինծի պէս «լիրբ»ի մը աչքերուն արտասուք բերել... Բայց միւս յոբելեանները ո՛չ, այդ մասնաւոր ուշադրութիւնը կը զայրացնէ զիս... * * * Երկու բառ եւս։ «Երիտասարդական արկած»ը կը վախնամ որ վատ մեկնած էք, aventur e126 իմաստով պէտք է առնել, կը յիշէ՞ք «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը»127, այդպէ՛ս արկած։ - Տիկին Ջաւօ Շանթէն128 , ձեռամբ Աշոտի129 , ստացայ խնդրոյ առարկայ գումարը։ Պայմանադրական չըլլալու համար կը վերապահեմ շնորհակալութիւններս։ Պարտք մը եւս։ Ամուր ուսեր պէտք է ունենալ ապրելու համար։ Եղիշէ արք. Դուրեան (1860 -1930).- գրող ու բանասէր։ Պոլսոյ հայոց պատրիարք (190 9-10 ), Երուսաղէմի հայոց պատրիարք (1921-30 )։ 122 Եղիշէ վրդ. Դուրեան, Ընթացք ի գրոց բարբառ, Ա. տարի, տպ. Յովսէփ Գաւաֆեան, Կ. Պոլիս, 1880 ։ 123 Եղիշէ արք. Դուրեանի քահանայութեան յիսնամեայ յոբելեանը նշուած էր 25-28 Հոկտեմբեր 1929 ին, Երուսաղէմի մէջ։ 124 Կ'ակնարկէ Աւետիս Ահարոնեանի գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանին, որուն կազմակերպութիւնը սկսած էր Դեկտեմբեր 1928 ին («Ա. Ահարոնեանի յոբելեանը», Յառաջ, 7 Դեկտեմբեր 1928) եւ պիտի նշուէր համագաղութային կերպով (Փարիզի մէջ՝ 10 Մայիս 1930 ին), եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան քառասնամեակին, որ նոյնպէս նշուած է համագաղութային կերպով (Փարիզի մէջ՝ 21 Դեկտեմբեր 1930 ին)։ 125 «Այս ալ նոյնպէս, ջիղերը կը խանգարէ» (ֆրանսերէն)։ 126 Արկածախնդրութիւն (ֆրանսերէն)։ 127 Վազգէն Շուշանեան, «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», Հայրենիք ամսագիր, Յունուար, Փետրուար, Մարտ, Ապրիլ, Մայիս եւ Յունիս 1928 ։ 128 Ջաւօ (Ջաւահիր) Ներսէսեան-Շանթ (1882-1945).- Լեւոն Շանթի կինը, մանկավարժ, հանրային գործիչ։ 121 297 - Իմ հոդ գալուս հարցը լուրջ է։ Յառաջիկայ ձմեռ, ի՛նչ ալ պատահի հոս չկամ, մորթ պիտի փոխեմ։ Այնպէս ո՛ր հետաքրքրուեցէք։ «Աստծոյ հաց»ը բոլորին համար է եւ մեծ է տիրոջը զօրութիւնը։ Բարեւներ ծանօթ ընկերներու։ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ԺԴ.130 25 Փետրվար 1930 Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Այսօր իսկ «Հայրենիք»ի հասցէով ձեզ ղրկեցինք 150 նուիրատոմս 1էն 150 թուագրուած եւ 150 հատի չափ «կոչ» իւրաքանչիւր տոմսի հետ տրուելու համար։ Ինչպէս գիտէք մեր առաջին հատորը արդէն մամուլի յանձնեցինք ու որպէսզի կարենանք վճարման պայմանները յարգել 350 0 ֆրանքի եւս պէտք ունինք։ Այս 150 նուիրատոմսերը եթէ յաջողիք զետեղել՝ մեծ չափով դիւրացուցած կ'ըլլաք մեր աշխատանքը։ Ձեզմէ կը խնդրենք ուրեմն՝ Ա) Կազմել Նիւ-Եորքի մէջ կեդր[ ոնական] յանձնախումբ մը ու անմիջապէս յարաբերութեան մէջ դնել իրենց հետ։ Յանձնել այս նուիրատոմսերը իրենց ու զանոնք լծել աշխատանքի։ Ի դէպ ըսենք որ տոմսերը ծախուելէ յետոյ՝ կտրօնները մեզ պէտք է վերադարձնել անմիջապէս։ Բ) «Հայրենիք»ի մէջ երկու յօդուած նուիրել մեր ձեռնարկին։ Ատիկա լաւ տպաւորութիւն կրնայ գործել։ Գ) Տալ մեզ Զարդարեանի ձեռագիրները ունեցող ընկերոջ հասցէն՝ հարկ եղած պարագային կապ հաստատելու համար իրեն հետ։ Յայտնելով ձեզ շնորհակալութիւն որ անգամ հոդ կը շարունակէք աջակցիլ մեզ ու սպասելով պատասխանի։ Ձերդ սիրով ի դիմաց Ն. Գ. Բ. ի ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ131 ԺԵ.132 17 Մայիս 1930 Փարիզ V. Ch. 6 place de la Sor bonne 6 Par is (5e.) Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Ձեր վերջին նամակը ստացանք ժամանակին ու ըրինք ինչպէս որ ըսուած էր։ Բոլորին կողմէ պաշտօն տրուած է ինձ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել Աշոտ-Արծրունի (Արծրունի Դուլեան, 190 2-79).- հանրային գործիչ, խմբագիր։ Կինը՝ մանկավարժ Լիա Ներսէսեան-Սիրուեան (190 8-200 0 ), Ջաւօ Շանթի եղբօր աղջիկն էր։ 130 Առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 150 ։ 131 Ստորագրութեան կողքին դրուած է ՆԳԲի կնիքը։ 132 Այս նամակին առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ «Վ. Շուշանեանի երկու նամակներ», էջ 41-42։ 129 298 ձեզ եւ խնդրել որ շարունակէք ներշնչողն ըլլալ Նիւ-Եորքի մասնաճիւղին։ Հեռուէն գրուած նամակները՝ այնքան արժէք չունին որքան կենդանի խօսքը։ Մեր ամբողջ յոյսը ուրեմն ձեր վրայ է աշխոյժ ու աշխատունակ մասնաճիւղ մը՝ ոտքի վրայ դնելու համար։ Գրքին վիճակը լաւ է։ Որոշեցինք, փոխադարձ համաձայնութեամբ տպել 10 0 0 օրինակ պարզ թղթի վրայ, 50 0 աւելի ընտիր թղթի վրայ եւ 150 օրինակ ալ ազնիւ թղթի վրայ։ Գրքին texteը133 շարուած է ու սրբագրելու վրայ ենք։ Յառաջաբանը Մ. Պ. ն134 գրեց։ Շատ լաւ չէ, պէտք ունի հիմնական փոփոխութեան, բայց... կը ճանչնաք մարդիկը՝ դիւրազգաց եւ բծախնդիր։ Կը կարծեմ որ ստիպուած պիտի ըլլանք ընդունիլ՝ նոյնիսկ եղածին պէս։ Երկրորդ գրքի մասին՝ մեր կարելին ըրինք։ «Բանից դուրս է գալիս» որ Հրանդի135 տղոցը մօտ մեծ բան մը չկայ ու կրկին հաւաքման գործը մենք է որ պիտի ընենք։ Աշխատանք մըն է որ բաւական ժամանակի եւ ծախքի կը կարօտի։ Գալով Գեղամ Բարսեղեանի գործերուն, որոնք որպէս ամբողջութիւն, աւելի արժէքաւոր են քան Զարդարեանի էջերը, տակաւին չունինք։ Վարդապետէն136 ձայն չկայ եւ այս անտէր ձեռքը, որ անտարակոյս ուրիշ զբաղումներ կրնայ ունենալ, յոգնեցաւ անպատասխան մնացած նամակներ գրելէ։ Թրքերէն առածը կ'ըսէ – էլ էլիլէն եըլան թութ... 137 Արդարեւ ուրիշի ձեռքով՝ օձ կարելի է բռնել, բայց ոչ լուրջ գործ կատարել։ Բաց աստի նիւթական դժուարութիւններ կան։ Գրքին կողքին դրամը կը պահանջէ յարգելի զարդանկարիչը138 ։ Կողքն ալ բոլորիս սրտովը չեղաւ, բայց... գիտէք մարդիկը, ստիպուեցանք ընդունիլ, իր վերջնագրին հետ մասին։ Ահա՛ ինչ որ կար ըսելիք Ն. Գ. Բ. ի գործերուն մասին։ Կը յուսամ որ այս տեղեկութիւնները շատ համառօտ չէք գտներ։ * * * Անցնինք յաջորդ գլուխին։ Խոնարհ անձնաւորութեամբս կրկին ձեզ պիտի զբաղեցնեմ։ Սիրելի Տաւարիշչ139 Շուշանեանի գործերը «վատ են գնում»։ Նախ՝ երկու ամիսը... «չի ստացուել»։ Երեւի պիտի ստիպուինք գործածել յայտնի տարազը (ֆորմուլա եմ ասել ուզում) - Մի քիչ փող ուղարկեցէք... 140 «Սա շատ տխուր մի բան է»։ Մարդիկ գաղափար չունին թէ ի՞նչ ըսել է Փարիզի մէջ տան վարձքի համար դրամ չունենալ։ Ասիկա առ ի տեղեկութիւն ըսի ձեզ։ Բնագիրը (ֆրանսերէն)։ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965).- ֆրանսահայ գրադատ, խմբագիր։ 135 Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան, 1859-1915).- արեւմտահայ արձակագիր։ Մեծ Եղեռնի զոհերէն։ 136 Կ'ակնարկէ Արսէն վրդ. Ղազիկեանին (1870 -1932), Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բանասէր։ 137 Թրք. el elilen yılan tut (ուրիշի ձեռքով օձ բռնէ)։ 138 Գիրքին պատկերազարդումը կատարած է նկարիչ Մելքոն Քեպապճեանը (1880-1949)։ 139 Ընկեր (ռուսերէն)։ 140 Երուանդ Օտեանի Ընկեր Փանջունիի հերոսի յայտնի խօսքը իր նամակներուն մէջ։ 133 134 299 Լաւ չեն նաեւ միւս գործերը։ Կարգ մը գրքեր ձեռք անցուցի ու սկսայ համառօտ աշխատանք մը պատրաստել հայ մամուլի մասին։ Բայց չեմ կարծեր որ պիտի շարունակեմ, նիւթի պակասը կը ստիպէ որ ուրիշ բանի ձեռք զարնեմ։ Աշխատանքիս կէսին հասած՝ նկատեցի որ լաւ չէ, բնա՛ւ լաւ չէ... Իսկ ես, այս երեք տարուան ընթացքին գոնէ վկայականի համար չեմ աշխատած141։ Ի՞նչ պիտի ընեմ վկայականը։ Երկու հատ ունիմ142, Երկր[ ագործական] նախարարութենէն «շքանշան»ով մը միասին։ Ինչ որ ինձ պէտք է, հիմնական ծանօթութիւն մըն է որ հնարաւորութիւն տայ յետագային՝ մինակ շարունակելու։ Յոյսս ամրան վրայ է աշխատելու համար։ Աշնան պիտի գամ ուրեմն հոս՝ ամէն բան վերջացնելու ու Նոյեմբերի սկիզբները կրկին մեկնելու համար։ Կարելի՞ է որ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ, հոգ չէ թէ անկանոն, այդ 70 0 ֆր. ը շարունակեն տալ։ Կրնա՞ք միջամտել այս ուղղութեամբ... Այս մասին, առաջին առթիւ, եթէ գրէք շնորհակալ կ'ըլլամ։ Ամերիկա գալուս խնդիրը՝ ուրեմն այդպէս ջուրը ինկաւ։ Այսուհանդերձ պէտք ունիմ անգլիերէնի։ Ի՞նչպէս ընել։ «Հայրենիք»ի մասին ու հոն աշխատելու հնարաւորութիւններու մասին՝ ձեր գրածէն տպաւորութիւնս այն էր՝ որ դուք ալ շատ չէք հաւատար որ կարելի է ատիկա։ Եթէ կարելի ըլլայ՝ ես սիրով կուգամ։ Անգամ մը լուծի տակ մտնելէ յետոյ՝ կարգապահութիւնը՝ օրէնք է ու խղճամիտ աշխատանքը՝ պարտադրութիւն։ Եթէ կրնաք կարգադրել՝ կարգադրեցէք։ Այդ պարագային Հոկտեմբերի վերջերը պատրաստ եմ այստեղէն հեռանալու։ Կը կարծեմ որ կրնամ օգտակար ըլլալ իրենց։ Կը կարծեմ նաեւ որ կրնամ աշխատիլ ընկ. Ռ. Դարբինեանի143 հետ։ Կը բաւէ որ կատարելիք աշխատանքս պարզ ըլլայ, մեկին։ Ինձ կը թուի որ եթէ կարենաք այս գործը կարգադրել՝ լաւագոյն լուծումը եղած կ'ըլլայ, հակառակ ձեր կարծիքին։ Յետոյ այդ երկիրը զիս շատ չի վախցներ։ Յետոյ վերջապէս՝ քիչ մը կ'ազատինք այս աղքատութենէն որ տարիներէ ի վեր մեր բաժինը եղաւ, գէթ մասամբ։ Անընդհատ հաշուե՜լ գրպանիդ դրամը, անընդհատ մտածե՜լ վաղուան մասին, սենեակի վարձքին, ծակած կօշիկներուդ, ամէն գիշեր քնանալ զանազան պարտքերու հոգը սրտիդ մէջ ու միշտ երկմտիլ ճաշարանի դրան առջեւ։ Ի վերջոյ քիչ մը յոգնեցուցիչ է ու գուցէ նաեւ քիչ մը անբարոյացուցիչ, երբ չափը կ'անցնի։ Երեւակայեցէ՛ք անցեալ գիշեր, երազիս մէջ՝ բոլոր պարտքերս վճարած էի, մարդու բան պարտական չէի, ազատ մարդ մըն էի ու երջանիկ taxi մը կանչեցի, պայուսակներս նետեցի ներս ու ըսի - Gar e de Lyon144։ Առաւօտը մարմնիս մէջ տարօրինակ ուրախութիւն մը կար։ Յիշեցի երազս ու կարծես թէ բոլո՜ր պարտքերս ետ վերադարձան։ Իսկ անցեալ օր կատակով ընկերոջ մը կ'ըսէի, 1927-30 ին, Շուշանեան հետեւած էր Ընկերային բարձրագոյն ուսմանց վարժարանի դասընթացքներուն։ 142 Կ'ակնարկէ Վալապրի երկրագործական վարժարանէն եւ Մամիրոլի կաթնատնտեսական վարժարանէն ստացած վկայականներուն։ 143 Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկիրեան, 1888-1968).- հանրային գործիչ, խմբագիր։ Արդարադատութեան նախարար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (1919-20 )։ Հայրենիք օրաթերթի (1922-48) եւ ամսագրի (1922-68) երկարամեայ խմբագիր։ 144 Փարիզի երկաթուղիի գլխաւոր կայարաններէն մէկը։ 141 30 0 Մայաքովսքիի145 անձնասպանութեան առթիւ որ - Մարդիկ կան որ անձնասպան ըլլալու իրաւունք չունին... - Ո՞վ... - Անոնք որ պարտք ունին[,] ըսի լրջութեամբ, tout de même146 կարելի չէ գլուխդ առնել երթալ առանց պարտքերդ վճարելու։ Երկուքս ալ խնդացինք, բայց ծիծաղներ կան որ գէշ կը հնչեն։ Հասանք հոս, էջին տակը ու ձեր «ի՞նչ կայ, չկայ»... ն միտքս են, կան։ Օ՜ ձեր «ինչ կայ, չկայ»ն։ Երեւակայեցէ՛ք։ Անցեալները Աշոտը քիչ մը տկար էր, տամարս147 բռնեց, գացի զինքը տեսնելու։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ նոր տեսած առաջին բանս։ Նամակի մաս մը ու ձեր հարցումը՝ ձեր գրիչովը - ի՞նչ կայ, չկայ... Շատ բան ու ոչինչ նոյն ատեն։ Ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ԺԶ.148 Փարիզ 16 Յունիս 1930 V.Ch. 6 Place de la Sor bonne Par is (5e) Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, Սկսիլը միշտ դժուար է, իսկ վերջացնելը համեմատաբար աւելի դիւրին, երեւի ատոր համար է որ, կարգ մը գրողներ հակառակ կողմէն կը սկսին իրենց պատմութիւնները ու չեն հասնիր սկզբնաւորութեան։ Նամակ մը սկսիլը մասնաւորաբար դժուար է, որովհետեւ մարդ միշտ կը մտածէ, որ այս անիծեալ թղթի կտորները՝ անգամ մը նամակատուփ ձգուելէ յետոյ, կը սկսին ինքնայատուկ ու առանձին կեանքով մը ապրիլ ու ճիշդ շատ մը ապրող բաներու պէս կ'ունենան իրենց ճակատագիրը, կեանքն ու վախճանը։ Եթէ մարդ ժամանակ ու տրամադրութիւն ունենայ ու անշուշտ նաեւ քիչ մը լրջութիւն - ինչ որ, ըստ ընկերներու, միշտ կը պակսի ինձ - կրնայ յուզիչ! տողերով բանաստեղծութիւն մը գրել բոլո՛ր նամակներու մասին, անոնց որ կարելի է գրել եւ միւսներուն որ պէտք չէ գրուին բնաւ - ինչպէս պէտք չէ որ գրուէր իմ Անկարելի Օրագիրս - եւ կամ մնան առանց ղրկուելու։ Ինչպէս բանաստեղծութեան այս ծաղրանկարը։ Գրել հեռաւոր մէկուն, անձնատուութեան ժամու մը ընթացքին, նամակներ որ կրնան կարդացուիլ, ոտքի վրայ կամ կառաշարի մէջ, Երբ աճապարանքի մէջ է մարդ, կամ տագնապի, ձանձրոյթի անծայր տափարակի վրայ Կամ ուրախութեան – ի՛նչ որ նոյն բաները չեն – Գրել հեռաւոր մէկու մը որ կրնայ կարդալ՝ ո՛չ միայն գրուածը, այլեւ ինչ որ կայ՝ Լուսանցքի վրայ կամ տողընդմէջ եւ որ մարդ՝ Անփութութեամբ, գիտուն մեղսակցութեամբ կամ ակամայ կը ձգէ հոդ... Վլատիմիր Մայաքովսկի (1893-1930).- ռուս խորհրդային նշանաւոր բանաստեղծ։ Անձնասպան եղած է 14 Ապրիլ 1930 ին։ 146 Այսուհանդերձ (ֆրանսերէն)։ 147 Յամառութիւնս (թրքերէն)։ 148 Նամակը գրուած է Koubok Bar ի (Place de la Sor bonne) նամակաթուղթի վրայ։ Առաջին հրատարակութեան համար, տե՛ս՝ «Վ. Շուշանեանէն եւս երկու նամակ», էջ 55-57։ 145 30 1 Գրել հեռաւոր մէկու մը որ կրնայ՝ Հետեւելով բառերուն, գործածելով զանոնք Կառուցանել հոգեկան վիճակներ, տեսնել վանկերուն ետին Մարդը՝ գրիչը ափին մէջ, Գրե՛լ հեռաւոր մէկուն - Օ՜ անցուցէք ինձմէ այս տկարութիւնը Թունաւոր սլաքներ նետելու ասդին անդին, որ վաղ կամ ուշ Կը վերադառնան իրենց մեկնումի կէտին... Ձգուած տուփի մը մէջ, յանձնուած իրենց ճակատագրին Նամակնե՛ր Որոնց մարդ պիտի ուզէր հետեւիլ, նոր տողեր կցելու համար իրենց, Հերքելու համար, կամ իրենց ներքին ուժը տկարացնելու... Նամակներ որ կը տեւէք՝ գրողին կեանքէն անդին, Սխալմամբ կ'երկարաձգէք զայն, կ'ամբողջացնէք զայն կամ կը խեղաթիւրէք... Նամակներ որ կը հանդիպիք գէշ օրի, Մերժումի գուցէ, գաղջ ընդունելութեան, սիրոյ... Որ կը յարուցանէք փոթորիկ, մախանք, տենդ։ Կը քրքրէք առկայծ կրակ... Նամակներ՝ որ կը մնաք որպէս պատանդ, որպէս գերութիւն... Աղտեղի, գէշ հետքերու պէս, վտանգաւոր բաներու պէս՝ որ մարդ մոռնայ սեղանին վրայ, անկողպ սենեակի մէջ։ Որ կը բացուիք, յանկարծ կեանքի մը վրայ Որպէս անփափկանկատ, դաւադիր վարագոյր... Քառակուսի, գունաւոր, հոտաւէտ թղթերու վրայ, Ուրիշ թղթերու վրայ տակաւին։ Երբ կը մտածեմ, թէ ձեր բոլոր տեսակները Անցած են գրչիս տակէն, կարծես թէ Անորոշ մտահոգութիւն մը կը քսուի հեռուէն ինձ։ Կարծես թէ՝ Հոգիս է, որ բեկոր առ բեկոր ձգած եմ գէշ պահնորդներու մօտ, գէշ ընկերներու... Կարծես թէ մարմնիս բոլոր մասերուն վրայ՝ խոցելի կէտեր կան ու շուտով Պիտի բազմաթիւ վէրքեր բացուին... Սթօբ! 149 Ով շատգրիկ մուսայ, այսքանը կը բաւէ նամակներու մասին։ Իրաւ է որ քաղաքացի Ա. Խոնդկարեանը չկայ որ կճէ քեզ, տհաճ ակնարկութիւններ ընելով եւ ո՛չ ալ ուրիշներ որ մտածեն թէ էջը՝ տօլար մըն է, վերջապէս պէտք է հասնիլ վերջաւորութեան, վերջապէս... Վերջապէս պէտք է սկսիլ սկիզբէն կարծեմ եւ Ն. Գ. Բ. ի գէշ երկիր ինկած նախագահին, գործի վերաբերեալ նամակ գրել։ - Գիրքը գրեթէ շարուած վերջացած է։ Կը մնան կարգ մը սրբագրութիւններ միայն։ Եթէ պահանջենք արագացնել, կը կարծեմ որ մէկ ամիսէն կրնան յանձնել։ Մինչեւ հիմա չէինք աճապարեր մտածելով որ լաւ էր հրապարակ հանել յոբելինական հանդիսութիւններէն (!) յետոյ։ - Նախատոմսերէ եկած գումարները աւելի քան բաւարար պիտի ըլլան՝ ամբողջովին մեր պարտքը վճարելու տպարանին։ Բայց ինձ կը թուի որ առաջին 149 Կանգ առ (անգլերէն)։ 30 2 առթիւ 30 0 էն աւելի սպառում չպիտի կրնանք ունենալ, ինչ որ լուրջ դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ մեզ համար։ - Գեղամ Բարսեղեանի գործին սրբագրութիւնը չի յառաջանար։ Գրուած նամակներուն չեն պատասխաներ։ Այս մասին որոշում չենք տուած։ - Կը թուի թէ մեր երկրորդ գիրքը պիտի ըլլայ Հրանդի Պանդուխտի նամակներու հաւաքածոն։ Իր զաւակները վերջապէս ձայն տուին ու համաձայնեցան, բայց ինչպէս օրէնք է, որպէս գէշ որդիներ, ոչինչ ունին իրենց հօրմէն։ Կրկին մենք պիտի հաւաքենք։ Այս առթիւ, երեւակայեցէք, առնուազն 15-20 նամակ գրուած է Ռումանիա, Սուրիա եւ Վենետիկ։ Արդիւնքը հետեւեալն է։ Հ[ այր] Արսէն Ղազիկեանը, հաւաքիչ՝ ուրիշ գործերու, յանձն կ'առնէ լրիւ կերպով հաւաքել Հրանդի գործերը, բայց վարձատրութիւն կ'ուզէ։ Կ'ըսէ որ չըրախ150 չէ եւ իր ժամանակը սուղ է եւ դեռ ուրիշ բաներ, որոնցմէ կը պարզուի որ հայր-սուրբը 75 տօլարէն աւելի գումար մը կ'ուզէ արտագրելու համար։ Մեր պատկառելի ընկերները, մէջը հաշուելով անպատկառս, կը կարծեն որ այդ գումարը պէտք է տալ եւ կը հաւատան որ Հայր Արսէնը խղճամտութեամբ կրնայ կատարել այդ աշխատանքը։ Իր վերջին նամակը կը ներփակեմ151։ Ձեր վզին տարապարհակ պարտք կայ՝ ափ առնել որեւէ հայ մեծատունի կամ կէս-մեծատունի դուռ ու պահանջել այդ գումարը, յանուն հայ դպրութեանց։ Մեր պատկառելի Ն. Գ. Բ. ականները, այդ դրամը իրենց ձեռքով տեղաւորածի պէս, կը կարծեն գտնել որեւէ հայ ջոջի գրպանը։ Այլեւս ձեզ կը մնայ՝ Ա) իրապէս որեւէ մարդ ճարել որ տայ այս գումարը։ Բ) կամ գտնել 2-3 նուիրատու, որոնց անունները կը յիշատակուին եւ ստանալ իրենցմէ 150 -20 0 տօլար, ի հաշիւ տպագրական ծախքերու։ Գ) եւ կամ հարցը տանիլ Ն. Գ. Բ. ի Նիւ-Եօրքի մասնաճիւղին։ Ինձ կը մնայ հայցել ձեր ներողամտութիւնը՝ նման թղթի վրայ նման նամակ գրած ըլլալուս համար։ Կը յուսամ արժանանալ ատոր՝ քանի որ արդարացում մը ունիմ - լրջութեան ի՞նչ ըլլալը չգիտնալս։ - Նիւ-Եօրքի մասնաճիւղէն լուր չկայ։ Համաձայն ձեր խորհուրդին գրեցինք, ինչպէս կ'ըսէիք, շնորհաւորեցինք, քաջալերեցինք, շատ մը բաներ ըրինք վերջապէս, բայց ձայն չելաւ։ Երեւի իրենց խանդավառութիւնը հանգչեցաւ ի Տէր։ Չէք կրնա՞ր թօթուել զիրենք այդ մահաթմբիրէն։ * * * Գործածելով աւանդական տարազը (էս էլ ձեր ֆօրմուլային հայերէնը)՝ կը հաստատեմ, չեմ գիտեր ո՛ր թուակիր, նախորդ նամակս։ Ճշմարտօրէն կը յիշեմ ինչ որ գրած եմ։ Նոյնպէս որ կրկնելու հարկ չեմ տեսներ։ Օրերը գեղեցիկ չեն, այդ մենք վաղուց է գիտենք, բայց հակառակ փոթորիկին, ովկիանոսին վրայ թէ հոս, կը սպասենք մեր նամակի պատասխանին։ Կը խնդրեմ որ չորս ամիս եւս շարունակեն ղրկել ինձ տրուածը, այսինքն յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր, եւ այս անգամ կը կարծեմ որ այլեւս ոչ ոք չեմ անհանգստացներ։ Եթէ կարելի չէ, շատ կը խնդրեմ որ երկտողով մը իմացնէք, որպէսզի գիտնամ ընելիքս։ 150 151 Աշակերտ (թրքերէն)։ Նամակը պահպանուած չէ։ 30 3 Գալով իմ հոդ գալու խնդրիս, կը տեսնէ՞ք որ ձեր առաջարկած ձեւով կարելի չէ։ Ես հիմա բազմաթիւ արկածախնդրութեանց պատրաստ եմ սակայն, մանաւանդ հոդ գալու հակառակ վերջին ընթերցումներուս։ Ի դէպ, թոյլ տուէք, ձեզ գիրք մը յանձնարարել՝ Geor ges Duhamel ի152 Scenes [ sic] de la vie futur eը153 ։ Բայց պէտք է կարդաք զայն այդտեղ, բաղդատելու ու կարենալ հակակշռելու համար։ Անսովոր ու իրեն համար բացառիկ խորութեամբ մը, գրեթէ բուռն, կարելի է ըսել նոյնիսկ ծածկուած ատելութեամբ՝ ան, ամենամանրամասն մեղադրագիրն ու պարսաւը կ'ուղղէ Միացեալ Նահանգներու դէմ։ Մարդ մը՝ որ միշտ կէս-գոյներու, զուսպ ու արդար բառերու, ճշմարտութեան մեծագոյն բեկորին, մարդէ մարդ, ազգէ ազգ եւ քաղաքակրթութիւնէ քաղաքակրթութիւն՝ սիրոյ եւ հանդուրժողութեան կուսակից է եղած՝ չի կրնար զսպել իր զայրոյթը ու վայրագ հաճոյքով մը, ուր կայ ցաւ եւ դառնութիւն։ Կը յարձակի աշխարհի մեծագոյն երկրին վրայ։ Էջեր կան, ուր հակառակ իր զայրոյթին, ան կը հասնի մարդկայնութեան այնպիսի չափի մը, ճշմարտութեան այնպիսի բաբախուն ու սրտագրաւ շեշտի՝ որ իր գործը կը դառնայ կարծես արդարութեան գեղեցիկ ու զօրեղ արարք, տեսակ մը խաղաղ այլ վաւերական հերոսութեան։ Իրական գիրք մը վերջապէս, որուն էջերուն ետին, մարդ կը տեսնէ մարդ մը, որ կ'ապրի ազնիւ լրջութեամբ մը, նուիրումով ու գուցէ տառապելով, հակառակ իր պնդումներուն։ Այստեղ ո՛չ մէկ նորութիւն։ Կան միայն մարդիկ, որոնց պատմութիւնը դժուար է գրել։ Որովհետեւ ի՞նչ աւելի կարեւոր նորութիւն՝ քան մարդիկը (որ կարծես միշտ նոյնն են եւ որ միշտ տարբեր են սակայն, անընդհատ կապի մէջ՝ իրենց շուրջիններուն եւ ինքզինքնուն հետ. անընդհատ որեւէ տառապանքի կամ դժուարութեան հետ գիրկընդխառն, անընդհատ պատրանքի մէջ) որոնցմէ մէկը պատիւը ունի ձեզ բարեւելու ու այս բոլոր տողերուն տակ այս անգամ լրջութեամբ տեղաւորելու իր անունը, որ ամբողջ պատմութիւն մըն է, շատ մը ուրիշ պատմութիւններու պէս՝ քիչ մը երգիծական ու քիչ մըն ալ տխուր՝ ՎԱԶԳԷՆ ԺԷ. 23 Յունիս 1930 Փարիզ Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Անշուշտ նախորդ նամակս ստացած կ'ըլլաք։ Այսօր ձեզի նոր նեղութիւն մը պիտի պատճառեմ։ Եթէ խնդրածս իրապէս չըլլալիք բան է՝ պատռեցէք նամակս... Հակառակ պարագային շատ շնորհակալ պիտի ըլլամ եթէ երկտող մը գրէք։ Զանազան պատճառներով՝ չափազանց նեղ նիւթական կացութեան մը մէջ եմ. բացի ուրիշ բաներէ, այս վեց-եօթը ամսուան ընթացքին, ամիսը 40 0 ֆր. բաց մը հաշուելով շուրջ 20 0 0 -250 0 ֆր. պարտք ըրի։ Այս կամ այն ձեւով 130 0 -140 0 ֆրանքի պէտք ունիմ, մինչեւ որ ինքզինքս գտնեմ։ Ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ ձեր երաշխաւորութեամբ, եթէ կարենաք ինձ 50 -60 տօլարի փո- 152 Ժորժ Տիւհամէլ (1884-1966).- ֆրանսացի գրագէտ։ Geor ges Duhamel, Scènes de la vie futur e, Par is, Mer cur e de Fr ance, 1930 ։ Գիրքը գրուած է 1929 ի վերջաւորութեան Տիւհամէլի Միացեալ Նահանգներ կատարած ուղեւորութենէն ետք։ 153 30 4 խատուութիւն մը գտնէք։ Կը խոստանամ անպայման մինչեւ (...)154 վճարել։ Երիտասարդ եմ, կրնամ աշխատիլ, ծրագիրներ ունիմ։ Եթէ կրնաք այս ծառայութիւնը մատուցանեցէ՛ք ինձ։ Հոդ երկու ընկերներ ունէի, որ կրնային օգտակար ըլլալ՝ բայց վիճակնին լաւ չէ։ Յամենայն դէպս՝ կը ներէք պատճառած ձանձրոյթիս համար։ Ձեր վիճակին տեղեակ եմ, գիտեմ որ՝ ըրած դիմումս քիչ մը տեղին չէ, բայց... կը խնդրեմ կրկին որ փորձէք բան մը ընել։ Յիմար կացութիւն է, ես ալ չեմ գիտեր թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ այս բոլորը։ Բարեւներով ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ԺԸ. 24 Յունիս 1930 Փարիզ Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Ընկ. Ջամալեանի155 խորհուրդին վրայ է որ այս երկտողը կը գրեմ, խնդրելու համար որ միջամտէք Հայ Կարմիր Խաչի մօտ՝ որպէսզի ինձ տրուած նպաստը, եթէ կարելի է, երկարաձգեն 4-5 ամիս եւս։ Ատիկա մեծ ծառայութիւն պիտի մատուցանէ ինձ։ Եւ կը յուսամ որ ուրիշ առթիւ այլեւս չպիտի ձանձրացնեմ զիրենք։ Առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կեդր[ ոնական] Վարչութեան ընկերուհիներուն որ այնքան բարեացակամ եղան դէպի զիս։ Վերջերս ձեր հասցէին երկու նամակ ձգեցի, անշուշտ ստացած կ'ըլլաք։ Վերջնին պատասխանին մանաւանդ՝ կը սպասեմ անհամբերութեամբ։ Ընկերական յարգանքներով ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ V. Ch. 6 place de la Sor bonne 6 Par is (5e) ԺԹ.156 11 Օգոստոս 1930 Փարիզ Յարգելի ընկ. Ս. Վրացեան, - Այս երկտողը կը գրեմ աճապարանքով՝ ձեզ հաղորդելու համար որ շուտով լոյս կը տեսնէ Ռ[ ուբէն] Զարդարեանի գիրքը157։ Պատրաստ կայ քովերնիս Հրանդի «Պանդուխտի կեանքէն» պատմուածքներու հատորը եւ շուտով պիտի ունենանք ամբողջական գործը. պատրաստ են նաեւ Գեղամ Բարսեղեանի արձակ էջերը։ Ռ[ ուբէն] Զ[ արդարեան] ի արձակ էջերը կը ձգձգենք որովհետեւ ձեզմէ եւ միւսներէն ձայն-ծպտուն չելաւ։ Գիրքը եթէ լոյս տեսնէ որո՞ւ, քանի հաՋնջուած։ Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան, 1882-1940 ).- քաղաքական գործիչ, գրագէտ։ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին՝ դեսպան Վրաստանի մէջ, խորհրդարանի անդամ, հաղորդակցութեան նախարար։ 156 Այս նամակին նախընթաց հրատարակութիւններու համար, տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 150 -51. նաեւ՝ «Վ. Շուշանեանէն եւս երկու նամակ», էջ 54-55 ։ 157 Զարդարեան, Ամբողջական երկեր։ 154 155 30 5 տոր պիտի ղրկենք, չենք գիտեր։ Կը խնդրեմ որ գէթ Մ. Նահանգներու զանազան քաղաքներուն մէջ, վստահելի մարդոց եւ ընկերներու հասցէները ղրկէք ինձ, յիշելով թէ իւրաքանչիւրին քա՞նի օրինակ պէտք է ղրկել, որպէսզի գէթ առաջին առաքում մը կարենանք ընել։ * * * - Կ[ արմիր] Խ[ աչ] էն Յուլիսի հաշուոյն ինձ որեւէ բան չտուին եւ ո՛չ ալ Օգոստոսի։ Կը յիշէ՞ք, ինձ գրած էիք թէ կարելի է երկարաձգել։ Ընկ[ եր] Ջա- մալեանի խորհուրդին վրայ ժամանակին գրեցի ձեզ։ Ձեզ գրած էի նաեւ ուրիշ անձնական նամակ մը, պատասխան չառի158 ։ Հակառակի պէս «Հ[ այրենիք]»էն այս ամիս, «Յուլիս»ի աշխատավարձքն ալ չղրկեցին։ Խիստ գէշ դրութեան մը մատնուեցայ։ - Եթէ տեսնէք ընկ. Ռ[ ուբէն] Դարբինեանը, կը խնդրե՛մ, ըսէք որ բոլո՛ր ըրած յապաւումները նկատած եմ159 ։ Հատուածներ, էջերու ամբողջ մասեր... բաց ինկած են. չպատահի որ կարծէ, թէ աննկատ անցած են իր... սրբագրութիւնները։ Ապշութիւնս - չգործածելու համար ուրիշ բառ մը - այնքան մեծ է, որ ամիսներէ իվեր կը մտածեմ թէ ի՞նչ կարելի է ընել, կամ ի՞նչ կարելի է գրել, քանի որ յանուն ո՛չ մէկ իրաւունքի կարելի է խօսիլ խմբագիրներու հետ, քանի որ խմբագիրները մարդիկ են՝ անխոտելի ճաշակով ու աստուածօրէն գեղագէտ։ Խօսի՜լ գրուած բանին հանդէպ յարգանքի անհրաժեշտութեան մասին՝ այլեւս շատ աւելորդ է։ Ըսե՞լ՝ որ երկ մը որ գեղարուեստական ըլլալու յաւակնութիւնը կը տածէ կամ որպէս այդպիսին հիւրընկալուած է՝ իրաւունք ունի անձեռնմխելիութեան։ Յառաջիկայ անգամին կ'առաջարկեմ գրածիս վրայ դնել.- Գրեց՝ Վազգէն Շուշանեան, սրբագրեց՝ Ռ[ ուրբէն] Դարբինեան։ Ասիկա գոնէ ուղղամիտ բան մը կ'ըլլայ։ Ռ[ ուբէն] Զարդարեանի գիրքը սրբագրած ատեն, Լ[ եւոն] Մօզեանը160 եւ ես կը զարմանայինք թէ ի՞նչպէս ստուգապէս գեղեցիկ էջերու կողքին՝ կան այնքան գէշ էջեր։ Ատիկա պատճառ մը չէ եղած սակայն որ այլ խմբագիրներ էջերով յապաւում ընեն։ Բայց ի՛նչպէս որ ըսի՝ բանականութիւնը չէ որ կարելի է օգնութեան կանչել այստեղ, խմբագիրներու դէմ պաշտպանուելու համար։ Միայն թէ՝ ամէ՛ն մարդ իրաւունք ունի մարդոց երեւալու այնպէս ինչպէս որ է։ Ենթադրելով որ բոլո՛ր սրբագրութիւնները յօգուտ գրածիս են, կ'առարկեմ - թո՛յլ տուէք ընկ. խմբագիր, երեւալ հասարակութեան առանց սիրամարգի փետուրներու... Թէեւ յանցաւորը իրապէս ես եմ՝ որ այնքան վատ եղայ, անըմբռնելիօրէն վատ։ Լաւ կը ճանչնայի ընկ. Ռ. Դ. ն։ Ի՜նչ որ պէտք էր՝ բ. գիրքը ետ ուզելն էր, ատիկա չըրի։ Հիմա, ինչպէս որ առածը կ'ըսէ, գնա՛ ու տէրտդ Մարքօ փաշային հասկցուր... Բայց տխուր է մեր ընկերներուն մօտ այս արքայական անբարեխղճութիւնը՝ ուրիշներու գործին հանդէպ։ Գիրքը երկար ատեն քովը մնաց161, կրնար կարդալ, ըսել - ընկե՛ր, չեմ կրնար լոյս ընծայել, կամ հարկ է հետագայ Տե՛ս՝ 23 Յունիս 1930 ի նամակը։ Կ'ակնարկէ Օրերը գեղեցիկ չեն... վէպի երկրորդ մասին, որ լոյս տեսած է Հայրենիք ամսագրի 1930 ի Փետրուարէն մինչեւ Յուլիս։ 160 Լեւոն Մօզեան (1890 -1958).- ֆրանսահայ գրագէտ, հրապարակագիր։ 161 Օրերը գեղեցիկ չեն... վէպի առաջին մասը լոյս տեսած էր Հայրենիք ամսագրին մէջ յաջորդական չորս թիւերու մէջ՝ Յունիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր 1929 ։ 158 159 30 6 փոփոխութիւնները ընել... Առաջին անգամը չէ, կարծեմ, որ ձեռագիր մերժած է, ամիսներ պահելէ յետոյ ու վշտացող չէ եղած... եւ այս բոլորը քանի մը թշուառ տօլարներու համար - որ իրա՛ւ որ արդարութեամբ շահած ենք եւ որ ժամանակին հասնելու առաքինութիւնը անգամ չունին... Յարգանքներով ձերդ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ Ի.162 8 Սեպտեմբեր 1930 Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Մեծ գոհունակութեամբ ընդունեցինք ձեր նամակը ու մեր առաջին ժողովին մէջ իսկ, համաձայն ձեր թելադրութեանց, հարկ եղածը կարգադրեցինք՝ անմիջապէս հատորի պատրաստութեան սկսելու համար, զոր կը յուսանք լոյս ընծայել մինչեւ 1930 Յունիս163 ամենէն ուշը։ Մեր երկրորդ հատորը պիտի ըլլայ՝ Հրանդի Պանդուխտի նամակները, զոր շուտով պիտի յանձնենք տպարան164։ Առ այդ, ուրախութեամբ ստացանք բժ[ իշկ] Երկանեանի165 նամակը, որով ան կը խոստանայ 10 0 տօլարի նուէր մը ընել մեզ, ձեռագրի հաւաքման ծախքերուն համար։ Հարկ եղածը գրեցինք իրեն, բայց եթէ պատահի որ հանդիպիք իրեն՝ բերանացի եւս, կը խնդրենք հաղորդեցէք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը։ Արձակուրդի առթիւ, կարճ ժամանակուան մը համար մեր ընդհատուած աշխատանքները՝ վերսկսանք եւ յոյս ունինք որ 1931ի ընթացքին, պիտի կրնանք լոյս ընծայել Հրանդէն, Գեղամ Բարսեղեանէն166 եւ Գեղամ Տէր Կարապետեանէն167 մէկ-մէկ հատոր։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզ՝ ձեր թափած ջանքերուն համար ու կը խնդրենք որ ընդունիք մեր լաւագոյն բարեւները։ Ի դիմաց Ն. Գ. Բ. ի՝ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Յ. Գ.- Ստացանք ձեր ղրկած 10 0 տոլարը, ի հաշիւ Գ. Տէր Կարապետեանի գրքի հրատարակութեան համար՝ Տարօն-Տ[ ուրուբերանի] Հ[ այրենակցական] Միութեան կողմէ վճարուելիք 40 0 տոլարին։ Նամակը գրուած է ՆԳԲի նամակաթուղթին վրայ՝ Շուշանեանի ձեռագրով։ Առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս՝ Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 15152։ 163 Կ'ենթադրենք, որ վրիպակ է եւ պէտք է ըլլայ 1931։ 164 Հրանդ, Ամբողջական երկեր։ Տե՛ս՝ Շրջիկ [ Յ. Ճ. Սիրունի], «Մելքոն Կիւրճեան», Հայրենիք, 30 Օգոստոս 1931, էջ 1։ 165 Բժ. Յովհաննէս Էրկանեան յետագային եղած է Նիւ Եորքի յանձնախումբին ատենապետը։ 166 Բարսեղեան, Ամբողջական գործը։ Գիրքը լոյս տեսած է Օգոստոս 1931ին։ Այդ առիթով, Յառաջ թիւ մը նուիրած է Բարսեղեանին, որուն աշխատակցած է Շուշանեան եւս (Վազգէն Շուշանեան, «Գեղամ Բարսեղեան քաղաքացի, բանաստեղծ ու տեսլահար», Յառաջ, 16 եւ 18 Օգոստոս 1931)։ 167 Տէր Կարապետեան, Տարօնի աշխարհ։ 162 30 7 ԻԱ. Լ. Գ. 168 169 27 Օգոստոս 1931 Յարգելի՛ ընկ. Ս. Վրացեան, Պզտիկ բարդութիւն մը։ Արփիարեանի գիրքը170 ամբողջովին կազմուած, յանձնեցինք ընկ. Մ[ կրտիչ] Պարսամեանին հետ տպարանին։ Անցեալ օր իմացայ Գերասիմէն171 որ բժիշկը172 հեռախօսեր է, որպէսզի գիրքը իր անուան չարձանագրուի։ Նախապէս երկուքիս ըսած էր իր մտադրութիւնը ու մենք աշխատած էինք տարհամոզել զինքը։ Քիչ առաջ հեռախօսեցի՝ կը պնդէ որ իր անունով չըլլայ։ Ու որովհետեւ տպարանին առջեւ մէկը վերջիվերջոյ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, մտածեցի ձեզի գրել։ Կամ Ձեր կամ ընկ[ եր] Պարսամեանի անուան կարելի է արձանագրել։ Լաւ է անշուշտ, որ որպէս նախագահի Ձեր անունը դրուի։ Դուք ի՞նչ կը մտածէք։ Գիրքը խոստացան տալ Սեպտեմբերի վերջերը։ Բարեւներով՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ Ձեր տւած հարցերի պատասխանը կը ջանամ խտացնել հետեւեալ տողերի մէջ։ Պատերազմը ամբողջ մարդկութեան կեանքում առաջ բերեց սուր բեկում՝ քաղաքակրթութեան զարգացումը բաժանելով նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան մասերի։ Տասն եւ հինգ տարի է անցել պատերազմի սկզբից, բայց նախապատերազմեան աշխարհը այլեւս անսահման հեռու է մեզանից։ Պատերազմը ծնունդ տւեց նոր աշխարհի, նիւթական եւ հոգեւոր կեանքի նոր կառուցուածքի, նոր կենսահայեցողութեան, նոր զարգացման, նոր կենցաղի։ Ստեղծւեցին կեանքի նոր ձեւեր, նոր մտածողութիւն, նոր բարքեր։ Հնի ու նորի միջեւ օրգանական կապ եւ ժառանգական անմիջական յաջորդականութիւն գրեթէ չկայ։ Պատերազմի վիհն է կանգնած երկու եզերքների միջեւ։ Այստեղից եւ աշխարհայեացքի ու աշխարհագիտակցութեան տարբերութիւնը, ցաւագին անհասկացողութիւնն ու ներհակութիւնը նախապատերազմեան եւ այսօրուայ անդունդների միջեւ։ Այս երեւոյթի արտայայտութիւնը մեզ մօտ աւելի ցաւագին է, քանի որ պատերազմի գործած աւերներն էլ հայ հաւաքականութեան կազմի մէջ անհունօրէն աւելի ահաւոր են։ Պատերազմի անմիջական ծնունդ է արեւմտահայոց ջարդն ու Հայաստանի ամայացումը եւ արեւելահայերի բոլշեւիկեան քայքայիչ մտրակին ենթարկւելը, ոՆամակը գրած է Շուշանեանը ու ստորագրած՝ բժ. Լեւոն Գրիգորեանը, որ գրած է յետգրութեանը։ 169 Նամակը գրուած է ՆԳԲի նամակաթուղթին վրայ։ Առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս ՝Փանոսեան, «Վազգէն Շուշանեանի», էջ 152։ 170 Արփիարեան, Պատմուածքներ ու վիպակներ։ 171 Գերասիմ Բալայեան։ 172 Կ՚ակնարկէ բժ. Լեւոն Գրիգորեանին։ 168 30 8 րոնք բոլորովին նոր կացութիւն ստեղծեցին հայ հաւաքականութեան համար։ Տասն եւ չորս տարի է, որ գոյութիւն չունի արեւմտեան Հայաստան, արեւմտահայութիւնը, քանակով եւ որակով կրճատ՝ դարձել է տարագիր։ Միւս կողմից Արեւելեան Հայաստանը ենթակայ է բռնութեան եւ ընկերա[ յ] ին արհեստական փորձերի որոնք քայքայում են նրա տնտեսական եւ մտաւոր-բարոյական կազմւածքը, ազգային մշակոյթը ճնշւած է անհեթեթ երկանաքարի տակ եւ հազիւ պլպլում է ժողովուրդի ու բոլշեւիկեան ապականութեանց զերծ մնացած երիտասարդութեան հոգում։ Երկու մասերում էլ հայ ազգային մշակոյթի զարգացման ընթացքը խախտւել է՝ մի կողմ աւելի, միւս կողմ պակաս։ Եթէ այս բնորոշումը, ընդհանուր առմամբ, ճիշդ է, ապա պարզ է, որ պատերազմից ասդին հրապարակ եկած «բազմաթիւ երիտասարդ գրողները» իրենց ապրումներով ու մշակած գրականութեամբ չեն կարող լինել բնական շարունակութիւնը «նախապատերազմեան հայ գրականութեան»։ Եւ, ի հարկէ, չեն էլ համարւում։ Սխալ չհասկանաք։ Երիտասարդ գրագէտներից ոմանք, առանձին առած շարունակում են ապրել նախապատերազմեան աւանդութիւններով, բայց գրականութիւնը, իբրեւ այդպիսին, չի ներկայանում հնի աստիճանական մէկ փուլը, որովհետեւ (խօսքը, գաղթահայերի մէջ մշակւած գրականութեան մասին է) արեւմտահայ գրական յառաջընթացութիւնը կանգ է առել կամ, լաւագոյն դէպքում, կանգ առնելու վրայ է, ազգային կենդանի գրականութիւն չի կարող յարա-ժտեւել գաղութներում։ Պատերազմից յետոյ, հրապարակ եղած կամ հրապարակ եկող «բազմաթիւ երիտասարդ գրողները» - եւ նրանց մէջ կան անպայման տաղանդաւոր ուժեր արեւմտահայ գրականութեան բնականոն զարգացման պտուղ չեն, այլ արձագանգները նախորդ ժամանակների կամ տխուր առկայծումները ցան եւ ցիր եղած հայ մտաւորականութեան։ Ամենաշնորհալիները նրանց մէջ կամ ապրում են նախապատերազմեան օրերի յուշերով (Համաստեղ)173 կամ ներշնչման նիւթ են որոնում հեռաւոր անցեալում (Ե[ ղիա] Գասպարեան)174 կամ, վերջապէս, անղեկ եւ անառագաստ, տարուբերւում են անօդ տարածութիւնների մէջ (Վ[ ազգէն] Շուշանեան)։ Օսմանեան Սահմանադրութեան յաջորդ օրն իսկ Համիտեան կացնի տակ ջախջախւած հայ գրականութեան բոյնը արձակեց անհաշիւ ծիլեր, որոնք աճեցին արագօրէն եւ կենդանացրին մայր ծառը։ Համաշխարհային պատերազմից յետոյ, այստեղ թէ այնտեղ, օտար հողի մէջ, երեւան եկան առանձին ծիլեր, բայց հայ գրականութեան բոյնը չծլած ջարդւեց, որովհետեւ չկայ նրան սնունդ տւող կենդանի հողը՝ հայ երկիրն ու երկրի ժողովուրդը, առանց որոնց չի կարող գոյութիւն ունենալ կենդանի գրականութիւն։ Սա ողբերգութեան յատուկ աղբիւր է մեր երիտասարդ գրողների համար, որոնց մեծ մասը ըստ ձեւի մնում է կապւած հնի հետ, ըստ էութեան՝ կտրւած է նրանից։ Մինչեւ այժմ ասւածից հետեւում է, ուրեմն խօսքը միշտ գաղութահայութեան մասին է, որ «Նոր Գրականութիւն» գոյութիւն չունի կամ գոյութիւն ունի պայմանական իմաստով, որպէս նոր գրողների երկերի պայմանական հաւաքա- 173 174 Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966).- ամերիկահայ արձակագիր։ Եղիա Գասպարեան (1893-1948).- ամերիկահայ նկարիչ եւ թատերագիր։ 30 9 կանութիւն։ Կան գրողներ, կան գրւածքներ եւ կայ բանական միութիւն այդ գրւածքների միջեւ։ Ասպարէզը բաւական հարուստ է հեղինակների ու նրանց արտադրութիւնների քանակով, բայց որպէս մի ժողովրդի հոգեկան ապրումների ամբողջական արտայայտութիւն, ազգային մշակոյթի օրգանական մի միութիւն հայկական գաղութներում չկայ եւ չի էլ կարող լինել եթէ գաղութների կապը Մայր երկրի հետ չվերականգնւի։ Ուստի եւ չի բաղդատւի հնի հետ ու չի կարող համապատասխանել «ապրելու անխախտ կամք ունեցող ժողովրդի մը պահանջներուն եւ մտահոգութիւններուն»։ Գաղութահայ գրականութեան ամենայատկանշական կողմը, ըստ իս, արտաքինի մէջ է, ձեւի կատարելագործման ձգտումն է, որ անմիջական հետեւանք է օտար վարպետների ազդեցութեան, մեր երիտասարդ գրողների մէջ նկատւում է որոշ լեզւի ու ոճի յղկման, գրական ճարտարապետութեան զարգացման [1 բառ պակաս] ։ Ընդհակառակը գրւածքների բովանդակութիւնը, գրական խորութիւնն ու բազմակողմանիութիւնը ակնյայտնի կերպով կաղում են։ Չկայ որեւէ կենդրոնական գաղափար, որ յափշտակէ ու զբաղեցնէ գրական հանրային միտքը, որ առհասարակ, արտակեդրոն է, անիտէալ, ոստոստուն, շարժապատկերային, բարոյական ներքին զսպանակներից զուրկ, հետեւանք միշտ միեւնոյն պատճառի, հողի բացակայութեան։ Գաղութներում ծնունդ առած երիտասարդ գրողների մէջ կան մի շարք հրապուրիչ անուններ, որոնց տաղանդը, ուրիշ պայմաններում, բոլորովին այլ հետեւանքներ կարող էր տալ հայոց գրականութեան։ Դրանցից երեքն են առաջին տեղը բռնում - Համաստեղը, Եղիա Գասպարեանը, Վազգէն Շուշանեանը։ Առաջին երկսի զարգացումը գնում է աւանդական ուղիներով։ Մարմնապէս ապրելով գաղութահայ միջավայրում, հոգով բոլորովին հեռու են այդ միջավայրից։ Նրանք հետեւում են հայ ու օտար լաւագոյն վարպետների օրինակին, լուրջ աշխատում են իրենց զարգացման համար հրապարակ դրած ամէն մի գրւածքի վրայ, նշմարւում են յամառ աշխատանքի հետքեր, չեն շտապում շատ բան տալ հասարակութեան, բայց ինչ որ տալիս են՝ լաւն են տալիս։ Գաղութահայ գրականութեան ամենատիպար արտայայտիչը ըստ իս Վ. Շուշանեանն է, որ «լաւագոյն կերպով կը ներկայացնէ այդ գրականութիւնը»։ Եւ հէնց այդտեղ է նրա տկար կողմը, գրում է արագ ու շատ եւ ամէն բանի մասին, եւ անվիճելի շնորհքը վատնում է ապարդիւն անցողական հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերի վրայ։ Իր գրական խոշոր աշխատութիւնների մէջ էլ, մնայուն արժէք ունեցող հիանալի կտորների զուգընթաց թափւած են եւ անեփ ու անմշակ էջեր, որոնք փճացնում են ընդհանուր գեղարւեստական շէնքի ամբողջական տպաւորութիւնը։ Լրագրողն ու արւեստագէտը կատաղի պայքարում են նրա մէջ, եւ շատ ցաւալի պիտի լինի, եթէ յաղթական դուրս գայ առաջինը։ 310 VAZKEN SHUSHANIAN’S LETTERS TO SIMON VRATSIAN (1927-31) (SUMMARY) VARTAN MATIOSSIAN var ny1@yahoo.com Two member s of the Ar menian Revolutionar y Feder ation, Fr ench Ar menian wr iter Vazken Shushanian (190 3-1941) and Simon Vr atzian (1882-1969), last pr ime minister of the fir st independent Republic of Ar menia, cor r esponded actively in the per iod 1927-1931. Only a set of 21 letter s wr itten by Shushanian has r eached us, along with Vr atzian’s r esponse to a questionnair e submitted by him. The letter s ar e kept in the ar chives of the Hamazkayin Cultur al Society in Beir ut. The letter s, which ar e published with a detailed intr oduction and endnotes, offer inter esting glimpses about liter ar y and political views, as well as Shushanian’ s per sonal str uggle to make ends meet while finishing his studies. The letter s also offer many details about the ear ly activities of both cor r espondents on behalf of the Society of Fr iends of Mar tyr ed Wr iter s, founded in 1929 to under take the publication of the wor ks, both unpublished and/or scatter ed in the pr ess, of wr iter s mur der ed dur ing the Ar menian genocide. 311